Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խորհրդարանը Ընդունած է Սեւանայ Լիճէն Յաւելեալ Ջուր Բաց Թողնելու Օրինագիծը

Խորհրդարանը Ընդունած է Սեւանայ Լիճէն Յաւելեալ Ջուր Բաց Թողնելու Օրինագիծը

by MassisPost

Ազգային ժողովը ձայներու 80 կողմ, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է Սեւանայ լիճի մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին նախագիծը։

Օրէնքը կը նախատեսէ 170 միլիոն խորանարդ մեթր ջրառէն բացի Սեւանէն եւս 40 միլիոն խորանարդ մեթր յաւելեալ ջրառ իրականացնել:

Բնապահպանութեան նախարարութիւնը, ի դէպ, բացասական եզրակացութիւն տուած է նախագիծին:

ԱԺ քննարկման զուգահեռ, խորհրդարանի շէնքին առջեւ բնապահպանները ցոյց կ’ընէին ՝ պահանջելով հաւանութիւն չտալ Սեւանէն յաւելեալ ջրառին։

Նշենք, որ Ազգային ժողովը  ձայներու 68 կողմ, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ առաջին ընթերցմամբ ընդունած է օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին նախագիծը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment