Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիոյ մէջ Հանել են Էրտողանի Ոսկեգոյն Արձանը

Գերմանիոյ մէջ Հանել են Էրտողանի Ոսկեգոյն Արձանը

by MassisPost

Գերմանիոյ Վիսպատն քաղաքին մէջ Էրտողանի արձանը կանգնեցուելէ անմիջապէս ետք այն աղաւաղման ենթարկուած է որմէ ետք՝ արձանը հանուած է տեղական իշխանութիւններու կողմէ:

«Ալ Մայատին» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, գիշերով անակնկալ կերպով կանգնեցուած ոսկեայ արձանին կողքը մոմ մը եւ թուղթ մը դրուած է «մամուլի ազատութիւն» մակագրութեամբ:

Աղբիւրին համաձայն, Էրտողանի արձանը կանգնեցուած է «Վիսպատն 2018» փառատօնի ծիրին մէջ, որուն նշանաբանն է` «վատ լուրեր»:

Արձանը քննադատութիւններու ալիք բարձրացուցած է, որուն զուգահեռ անյայտ անձերու կողմէ հայհոյանքներ գրուած են անոր վրայ:

Պաշտօնական աղբիւրներ նշած են, որ քաղաքի իրաւասու մարմինները մամուլի ազատութեան խորհրդանիշ արձանի կանգնեցման արտօնութիւնը տուած ժամանակ տեղեակ չեն եղած, որ այն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի արձանը պիտի ըլլար:

Քաղաքի բնակիչներէն ոմանք մտահոգութիւն յայտնած են, որ արձանը կրնայ սադրիչ դեր խաղալ եւ վնաս հասցնել Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment