Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեան եւ Արա Բաբլոյեան Քննարկած են Երկրին Մէջ Տիրող Ներքաղաքական Իրավիճակը

Արմէն Սարգսեան եւ Արա Բաբլոյեան Քննարկած են Երկրին Մէջ Տիրող Ներքաղաքական Իրավիճակը

by MassisPost

28 Օգոստոսին կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հանդիպումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը, հանդիպման նախաձեռնութեան առաջարկով նախապէս հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի նախագահը` երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին եայտարարութիւնով:

Խորհրդարանի ղեկավարը Հանրապետութեան նախագահին տեղեկացուցած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախօրէին կայացած հանդիպման ընթացքին կողմերը արձանագրած են, որ խնդիրներու լուծման ուղղուած բոլոր քայլերը պէտք է ըլլան ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան, քաղաքական երկխօսութեան, բանակցութիւններու եւ քննարկումներու մթնոլորտի մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը, կարեւոր համարելով Սահմանադրութեան գերակայութեան հրամայականը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, որ խնդիրները լաւագոյնս կը լուծուին երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով, որոնց ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կողմերը կը եարգեն` հետեւողականօրէն կատարելով այդ պայմանաւորուածութիւններուն միտուած գործողութիւններ, ընթացքին դասեր քաղելով եւ արձանագրելով եաջողութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment