Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայազգի Երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ Արաթ Տինք Յարձակման Ենթարկուեցան Թուրք Ոստիկանութեան Կողմէ

Հայազգի Երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ Արաթ Տինք Յարձակման Ենթարկուեցան Թուրք Ոստիկանութեան Կողմէ

by MassisPost

Պոլսոյ Կալաթասարա շրջանին մէջ տեղի ունեցած  «Շաբաթ օրուան մայրեր» անունով նախաձեռնութեան  հերթական  հաւաքին ընթացքին Տիարպէքիր շրջանի հայ  երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ պոլսահայ լրագրող Արաթ Տինք՝ Հրանդ Տինքի որդին, յարձակման ենթարկուած են Թուրք ոստիկանութեան կողմէ:

Փայլան, որ տարբեր առիթներով ալ կը մասնակցի այդ հաւաքներուն ուղղակի թիրախ դարձած է ոստիկաններու յարձակման։

garo-palan-diarbekir-2

Տեղի ունեցած է պոռչտուք, իսկ ինք Կարօ Փայլան բարձր ձայնով եւ պոռալով ըսած է․ «Այսօր դուք ամէն տեղ անզէն մարդոց վրայ ձեռք կը բարձրացնէք, կը հարուածէք ու կը բռնադատէք, բայց վստահ եղէք, որ օր մը այս վիճակն ալ պիտի փոխուի Թուրքիոյ  մէջ, վստահ եղէք …»:

«Տոքուզ հապերի» փոխանցմամբ, հերթական բողոք-նստացոյցի ժամանակ ոստիկանները կանանց բռնութեամբ հեռացուցած են տարածքէն, ոմանք ձերբակալուած են: «Շաբաթ օրուայ մայրեր»  շարժման 700-րդ հաւաքի  ժամանակ հրապարակի վրայ եղած են նաեւ Կարօ Փայլանը, ընդդիմադիր այլ պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ լրագրողներ: Ոստիկանութիւնը ոլորած է անոնց ձեռքերը եւ միայն Կարօ Փայլանի յայտարարութենէն ետք ազատ արձակած են պատգամաւորները:

«Շաբաթ օրուան մայրեր» նախաձեռնութիւնը հիմնուած է այն մայրերուն կողմէ, որոնք վաղ 70- ականներուն տարբեր պայմաններու տակ կորսնցուցած են իրենց քիւրտ եւ ալեւի զաւակներն ու թոռները։ Տարիներու ընթացքին անոնց միացած են նաեւ տղամարդիկ:   Անոնց նստացոյցը վերածուած է շարժման, որ ոստիկանութիւնը ամէն կերպ փորձած է  ճնշել:

Անոնք եղած դէպքերուն գլխաւոր պատասխանատուն կը համարեն Թուրքիոյ քէմալիստական կարգերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment