Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընտրախախտումներու Դէմ Օրէնսդրական Նոր Պատժամիջոցներ եւ Պատժաչափեր

Ընտրախախտումներու Դէմ Օրէնսդրական Նոր Պատժամիջոցներ եւ Պատժաչափեր

by MassisPost

ՀՀ վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնաժողովը հանրային քննարկում կազմակերպած է Քրէական դատավարութեան եւ Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքերու փոփոխութիւններու փաթեթին վերաբերեալ: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` ՀՀ վարչապետին առընթեր ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու յանձնաժողովի քարտուղար Դանիէլ Իոաննիսեանը նշած է, որ նախագիծով նախատեսուած փոփոխութիւններն ուղղուած են ընտրական տեղամասերուն մէջ կարգուկանոնի, օրինականութեան մթնոլորտի ձեւաւորման: Անոր խօսքով` շարք մը ընտրական յանցագործութիւններու մասով պիտի փոխուին պատժամիջոցները եւ պատժաչափերը:

«Մենք ոչ թէ գնացել ենք պարզապէս պատժամիջոցների խստացման, այլ խստացրել ենք այն յանցագործութիւնների պատժամիջոցները, որոնք կատարուում են մի խումբ անձանց կամ կազմակերպուած խմբի կողմից»,- ըսած է Իոաննիսեանը: Ըստ Իոաննիսեանի` այլ իրավիճակ է, երբ ընտանիքի անդամի փոխարէն միւս անդամը կը քուէարկէ, մէկ այլ իրավիճակ է, երբ ինչ-որ կազմակերպուած խումբ, ընտրական յանձնաժողովի նախնական համաձայնութեամբ, կը կազմակերպէ կրկնաքուէարկութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment