Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ճարտարագիտական Քաղաք». Պիտի Ստեղծուի 2000 Նոր Աշխատատեղ

«Ճարտարագիտական Քաղաք». Պիտի Ստեղծուի 2000 Նոր Աշխատատեղ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այցելած է Երեւանի մէջ կառուցման փուլի մէջ գտնուող  «Ճարտարագիտական քաղաք», ուր արդէն իսկ գործունէութիւն կը ծաւալեն բարձր թեխնոլոկիաներու ոլորտի մի քանի ընկերութիւններ: Այս մասին յայտնած են Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Վարչապետին ներկայացուած են «Ճարտարագիտական քաղաք»-ի նախագիծը եւ այնտեղ գործող ընկերութիւններու ճարտարագիտական նորագոյն լուծումներն ու արտադրանքի մոտելները: Նշուած է, որ տարածքին մէջ կը նախատեսուի ստեղծել ճարտարագիտական ուղղուածութեամբ դպրոցներ, իրականացնել ուսումնական հետազօտութիւններ: Այն բաղկացած պիտի ըլլայ հետազօտական, արտադրական եւ կրթական հատուածներէ. ներկայիս ընթացքի մէջ է երեխաներու համար նախատեսուած թեխնոպարկի շինարարութիւնը:

«Ճարտարագիտական քաղաք»-ն կը ստեղծուի պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան շրջագիծէն ներս: Ծրագիրով կը նախատեսուին ոլորտի 1500 բարձրակարգ մասնագէտի պատրաստում եւ վերապատրաստում, 2000 նոր աշխատատեղի ստեղծում, Start-up-երու հիմնում, կազմակերպութիւններու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացում եւ արտահանման ծաւալի աճ: Ծրագրի իրականացման նպատակով ընտրուած է Երեւանի Բագրեւանդ փողոցի 3.0 հեկտար մակերեսով հողամասը. Հողի յատկացումը պիտի իրականացուի յառաջիկային:

«Ճարտարագիտական քաղաք»-ի տարածքին մէջ ճարտարագիտութեան ոլորտի մէջ գործող մասնաւոր ընկերութիւններու կողմէն արդէն իսկ կառուցուած են Ճարտարագիտական կեդրոնը, Ճարտարագիտական  գրադարանը, Տիեզերքի, Գիտութեան եւ թեխնոլոկիաներու թանգարանները:  Վարչապետը շրջայց կատարած է նաեւ

նշուած թանգարաններուն մէջ՝ ծանօթացած այնտեղ ներկայացուած ցուցանմուշներուն:
Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է «Ճարտարագիտական քաղաք» ծրագրի արդիւնաւէտ իրականացումը եւ նշած, որ բարձր թեխնոլոկիաներու ոլորտը կը համարէ մեր երկրի տնտեսութեան շարժիչներէն մէկը: Գործադիրի ղեկավարն ընդգծած է, որ բարձր թեխնոլոկիական ապրանքներու արդիւնաբերութեան, ՏՏ ոլորտի եւ փորձարարական ճիւղի զարգացումը մշտապէս պիտի գտնուի կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment