Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոպայի Ամենաերիտասարդ Գործող Նախարարը Հայաստանէն Է

Եւրոպայի Ամենաերիտասարդ Գործող Նախարարը Հայաստանէն Է

by MassisPost

Երիտասարդները կը փոխեն աշխարհը, եւ ոչ միայն այն պատճառով, որ զայն կը դարձնեն աւելի գեղեցիկ ու համարձակ: Անոնք կը ստեղծեն, կը ստեղծագործեն, յեղափոխութիւններ կը նախաձեռնեն, կը յաղթեն, նոյնիսկ` կը ղեկավարեն: Ու թէեւ շատ յաճախ անոնց թերահաւատօրէն կը մօտենան, կ՛անուանեն անփորձ ու ռոմանտիկ, միեւնոյնն է, անոնք կը կոտրեն կարծրատիպերն ու կ՛ըսեն` երազանքը եւ կամքը անպարտելի են:

Ահա այդպէս իր երազանքի թեւէն պինդ բռնեց 27-ամեայ Սեբաստիան Կուրցը, որ 2013-ի դեկտեմբերին նշանակուեցաւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար: Չեմ գիտեր` ամրոցներու ու կապոյտ լոյսերու երկրին ինչով  զարմացուցած էր Կուրցը, սակայն կ՛ըսեն` իր նպատակասլացութեամբ  երիտասարդ քաղաքական գործիչը անմրցելի է: Ուրիշ, աւելի կամ պակաս տրամադիկ պատմութիւններով Մոնթենեկրոն ունեցաւ 29, Իտալիան` 39-ամեայ վարչապետ: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ալ  օր մը սկսաւ երիտասարդութեան նայիլ 22-ամեայ աղջկայ` Շամմա ալ Մազրուի պայծառ աչքերով: Ան մինչ օրս կը գրաւէ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնը:

Մեզմէ շատերուն ալ անհաւանական կը թուէր, որ  օր մը Հայաստան կ’ունենայ 27-ամեայ նախարար: 2018-ի մայիս 10-ին շատերը համացանցի վրայ փնտռեցին Մխիթար Հայրապետեան անուն-ազգանունը: Հէնց այդ օրը սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութեան քայլարշաւի գաղափարի հեղինակը` Մխիթարը, նշանակուեցաւ Սփիւռքի նախարար` դառնալով Հայաստանի պատմութեան  եւ Եւրոպայի մէջ գործող ամենաերիտասարդ նախարարը: Կանտիի գաղափարներով, սակայն սեփական շնորհքով ու առաքելութեամբ` պաշտօնավարման հէնց առաջին օրուընէ յայտարարեց` եկած է ամենալաւ նախարարութիւնն ունենալու ճանապարհային քարտէզը մտքին մէջ:

Մամուլը հեղեղած հարցազրոյցներուն ու յօդուածներուն մէջ Սփիւռքի նորանշանակ նախարարին մասին շատ գրուեցաւ:  Կարդացինք, քննադատեցինք, ծափահարեցինք, ինքն ալ ի պատասխան ըսաւ` ամէն օր քայլ կ’ընենք, բայց մեր նպատակներէն յետքայլ պիտի չըլլայ: Այսօր, եթէ ամփոփ պատմելու ըլլանք Մխիթար Հայրապետեանի մասին, մէկ պարբերութեամբ պիտի ըսենք. Եւրոպայի ամենաերիտասարդ նախարարը մասնագիտութեամբ թրքագէտ է, ոչ ֆորմալ կրթութեան ծիրէն ներս իրականացուած տասնեակ միջազգային կրթական ծրագիրներու մասնակից, ուսումնասիրած է ոչ բռնի գործողութիւններու, խաղաղ անհնազանդութեան մեթոտաբանութեան մշակման, ատոր կիրառման մեքենականութիւնները, հիմնադրած «Երիտասարդ քաղաքական գործիչներու միութիւնը» եւ Քաղաքացիական կրթութեան եւ երիտասարդութեան զարգացման կեդրոնը, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն է:

Փոխած տրեսքոտը, «Քայլ արա»-ով ուսապարկը ձգած ոչ աշխատանքային օրերու համար, յեղափոխութեան առաջին գաղափարակիցներու հաւաքատեղի «դիւանբաշի» երթալը հազուադէպ… Մխիթար Հայրապետեանի կենսակերպին մէջ շատ բան  փոխուած է նախարար նշանակուելէն յետոյ: Հիմա աշխատանքը կ՛երկարի մինչ կէսգիշեր, շաբաթ ու կիրակի: Թերեւս նախասիրութիւններէն փրկուած է ֆութպոլը, եւ նախարարին կարելի է երբեմն տեսնել մարզադաշտի մէջ Հայաստանի ֆութպոլային հաւաքականներու խաղերուն հետեւելուն:

«Թերեւս չափազանց ինքնավստահ հնչէ, սակայն ես կը պատրաստուիմ կարճ ժամանակուան մէջ կոտրել մտավախութիւններու ու կարծրատիպերու մեծ մասը: Ատիկա կ’ընեմ իմ ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքով, արհեստավարժ մասնագէտներու հետ խմբային աշխատանքով: Ես լաւատեսօրէն  տրամադրուած եմ»,-հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած է Մխիթար Հայրապետեան: Ի հարկէ, փողոցին մէջ յաղթելէն, մտածելակերպ ու ապրիլ-պայքարելու տրամաբանութիւնը փոխելէն յետոյ` պէտք էր փոխել նաեւ համակարգի տրամաբանութիւնը: Ու քայլ առ քայլ, քայլ ընելով ու մէկ քայլ անգամ չնահանջելով` Եւրոպայի ամենաերիտասարդ նախարարը կը ցանկայ պատմութեան մէջ մնալ ոչ միայն տարիքով պայմանաւորուած:

Հայաստան-Սփիւռք նոր օրակարգ, գործակցութեան անկեղծ ու հաւասար պայմաններ, լիակատար փոխճանաչութիւն, համահայկական ներուժի համախմբում. այսօր Սփիւռքի նախարարութիւնն այս առաջնահերթութիւններն ունի: Այս ամէնուն հասնելու տեսլականով` նախարարի առաջին քայլերը եղան նախարարութեան ծրագիրներու վերափոխումն ու նոր ծրագիրներու մշակումը: Ահա այդպէս ստեղծուեցան «Քայլ դէպի տուն»-ն ու «ՆերՈւժ»-ը, որոնք այսօր Սփիւռքի նախարարութեան այցեքարտերէն են:

Մխիթար Հայրապետեանի առաջին պաշտօնական այցը Կիպրոս էր, ուր տեղի ունեցաւ Հայաստան-Կիպրոս-Յունաստան ձեւաչափով սփիւռքի հարցերու շուրջ եռակողմ հանդիպում, որմէ ետք կիպրացի ու յոյն բարձրաստիճան պաշտօնեաներն իրենց թուիթըրեան առաջին գրառումներուն մէջ երիտասարդ նախարարը աշխոյժ, պայծառ ու հասուն գործիչ անուանեցին:

Սփիւռքի նախարարը աշխատանքային այցով մեկնեցաւ ԱՄՆ, ծանօթացաւ հայ համայնքի խնդիրներուն, ներկայացուց նախարարութեան տեսլականն ու ըսաւ. «Առաջին անգամ պատմութեան մէջ մենք սփիւռքէն փող չենք խնդրեր: Մենք կարիք ունինք փոխադարձ գործակցութեան, համահայկական ներուժի վերհանման եւ նպատակային կիրառման»: Խորհուրդ տուաւ նաեւ գալ Հայաստան ու զգալ յետյեղափոխական ոգեւորութիւնը, մարդոց ժպիտներն ու հայեացքները: Ինքն ԱՄՆ-էն վերադարձաւ` յոյսով, որ Հայաստան վերադարձողներ ու Հայաստանը իրենց մտքին մէջ նորովի բացայայտողներ սփիւռքի ամենամեծ հայկական համայնքին մէջ դեռ շատ պիտի ըլլան:

Ահա այսպէս, ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանքով, արհեստավարժութեամբ ու չկոտրուող կամքով, չէ՞ որ Եւրոպայի ամենաերիտասարդ նախարարը Հայաստանէն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment