Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Պիտի Չխախտուի» Արդարադատութեան Նախարար

«Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Պիտի Չխախտուի» Արդարադատութեան Նախարար

by MassisPost

Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը պաշտօնավարման 100 օրը ամփոփած ժամանակ անդրադարձած է օրեր առաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարած անցումային արդարադատութեան համակարգին։

Նախարարը հաւաստիացուցած է, որ այն, ինչ իշխանութիւնը մտադիր է ներդնել, չի հակասեր Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն․ – «Սահմանադրութեան որեւէ դրոյթ չի կասեցուելու` ուղղակիօրէն կամ բովանդակային առումով: Դա լինելու է օրինական, եւ սա աջակցող է լինելու, աւելի շատ գործադիր գործարոյթ իրականացնող մարմինների կողմից կարող է լինել աջակցութիւնը»:

Անցած ուրբաթ հրաւիրած հանրահաւաքի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը անցումային արդարադատութեան անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորած էր դատական համակարգի ներկայիս վիճակով եւ շարք մը այլ խնդիրներով։

Արդարադատութեան նախարար Զէյնալեանը մանրամասնելով այս համակարգի էութիւնը՝ նշած է, որ ի թիւս այլ խնդիրներու, այն հնարաւորութիւն կու տայ քննարկել նաեւ մարդու իրաւունքներու խախտումները․ – «Ասենք, որոշ գործերով, որտեղ եղել են թերացումներ, իրաւունքի խախտման հարցը քննելու՝ արդեօք մարդու իրաւունքը խախտուել է թէ ոչ, իրաւունքի խախտման փաստը ճանաչելու կամ չճանաչելու, արդարացի հատուցում տրամադրելու: Տեսականօրէն նաեւ հնարաւոր է, որ կարող են լինել դատավարական ժամկէտների վերականգնման օրէնսդրական հնարաւորութիւններ։ Բայց հարցերը լուծելու են, եթէ դատական կարգով պէտք է լուծեն, լուծելու է Հայաստանի դատական գործող համակարգը, դատարաններն են գործելու»:

Վարչապետ Փաշինեանը յայտարարած էր՝ անցումային արդարադատութեան պարագային արտակարգ դատարաններ պիտի չըլլան։

Արդարադատութեան նախարարն  աւելցուցած է, որ նոր դատարաններ պիտի չստեղծեն․ – «Չե՛ն լուծարուելու դատարանները, դատարանների դատարան չի՛ ստեղծուելու, Սահմանադրութիւնը չի՛ խախտուելու, միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւնները չե՛ն խախտուելու, արտակարգ դատարաններ չե՛ն ստեղծուելու: Այն լինելու է օրինական եւ կոչուած է լինելու մարդու իրաւունքները վերականգնելուն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment