Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի, Եգիպտոսի, Կիպրոսի ու Յունաստանի Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիր Պիտի Ստորագրուի. Սփիւռքի Նախարար

Հայաստանի, Եգիպտոսի, Կիպրոսի ու Յունաստանի Միջեւ Համագործակցութեան Յուշագիր Պիտի Ստորագրուի. Սփիւռքի Նախարար

by MassisPost

Հայաստանի, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր պիտի ստորագրուի: Այս մասին 20 Օգոստոսին հրաւիրած մամոլոյ ասուլիսի ժամանակ լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:

«Կիպրոս կատարած այցի ընթացքում Եգիպտոսի սփիւռքի նախարարն առաջարկեց, որ Հայաստանը միանայ Եգիպտոսի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ ստորագրուած եռակողմ յուշագրին: Նախարարը նշեց, որ Եգիպտոսը Հայաստանի հետ յարաբերություններն ու համագործակցութիւնը խորացնելու ցանկութիւն ունի, որն էլ կարելի է սկսել սփիւռքի միջոցով»,- ըսաւ նախարարը:

Նախարարի հրաւէրով հոկտեմբերին համագործակցութեան շրջածիրէն ներս Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ չորս նախարարներու առաջին հանդիպումը:

Կիպրոս եւ ԱՄՆ կատարած այցերու ընթացքին նախարարը հանդիպած է նաեւ հայկական համայնքներու հետ, լսած եւ ծանօթացած է  անոնց խնդիրներուն: Քննարկումներու արդիւնքով որոշուած է որոշ երկրներու մէջ հայկական դեսպանութիւններուն մէջ աւելցնել նաեւ սփիւռքի նախարարութեան մէկական ներկայացուցիչ, որոնք անընդմէջ կապի մէջ պիտի ըլլան սփիւռքի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հետ:

«Առաջարկը կը ներկայացնեմ Հայաստանի վարչապետին եւ Արտաքին գործերի նախարարութեանը: Հենց նախարարութեան հետ էլ այդ հարցը կը քննարկենք ու կը փորձենք կարգաւորել»,- ըսած է Հայրապետեանը:

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը նաեւ նշած է, որ իր հետ հանդիպած մեր հայրենակիցներուն մեծ մասը հայրենիք վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած է, սակայն Հայաստանը մեծ ներգաղթի պատրաստ չէ:

«Բազմաթիւ խնդիրներ ունենք, որոնք թոյլ չեն տայ այս ժամանակահատուածում մեծ չափերով ներգաղթ ապահովել: Դրանք աշխատատեղերի եւ այլ հարցերի հետ կապուած խնդիրներն են, որոնք տեւական լուծման կարիք ունեն»,- նշած է Հայրապետեանը:

Պաշտօնական եւ աշխատանքային այցերու ընթացքին նախարարը եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ իր ղեկավարած գերատեսչութիւնը պատրաստ է աշխատիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք այդպիսի ցանկութիւն կը յայտնեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment