Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Նոր Հրատարակութիւն – «Բաբելոնէն Վերջ Պիտի Ապրինք» Պատմուածք-Լուսանկար -Արա Կիւլէր

Նոր Հրատարակութիւն – «Բաբելոնէն Վերջ Պիտի Ապրինք» Պատմուածք-Լուսանկար -Արա Կիւլէր

by MassisPost

Գիրքը, որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած առաջատար արուեստագէտներէն մէկուն՝ Արա Կիւլերի, վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու յետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ՝ գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը։ Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»ի մը՝ հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլէրի գրութիւններուն ու երեւակայական աշխարհին։ Կիւլէրի կարծիքով, իր պատմուածքները կարեւոր դեր ունեցած են լուսանկարներուն մէջ իմաստալից պահը որսալու ու անոնցմով համադրութիւն մը ստեղծել կարենալու ուղղութեամբ։ Արուեստագէտը իր այս տասներեք պատմուածքը կը բնութագրէ որպէս լուսանկար։ «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք» կ՚ապացուցէ, որ Արա Կիւլէր ո՛չ միայն իր լուսանկարներով, այլ նաեւ պատմուածքներով ալ կը պատկանի «պատկերաւոր աշխարհին»։

papyelwnen-vyerce-bidi-abrinqԳիրքէն Հատուած՝
Շարժանկարին մէջ քովս աղջիկ մը նստաւ։ Կին մը կամ աղջիկ մը։ Չեմ ճանչնար, պէտք չունիմ երբեք ճանչնալու։ Ան ալ զիս չի ճանչնար, պէտք ալ չունի ճանչնալու։ Մութ էր։ Ճերմակ պաստառին վրայի սեւ գլխարկով մարդը չորս ձեռք կրակեց դեղին կնոջ ու կինը գետին ինկաւ։ Աղջկան մարմինը բաւական տաք ու հրապուրիչ է եղեր։ Եթէ լոյսերը վառին, ըստ մեր երկրին սովորութեան, խայտառակ պիտի ըլլանք։ Ընկեր մը ունէի ինծի այսպիսի պատահար մը պատմած էր։ THE END. Աղջիկը տգեղ է եղեր։

Վստահ եղէք, ո՛չ մէկուն մտքին մէջ գէշութիւն կայ այս դարուս։ Օրինակի համար ես, բարձրահասակ նաւաստին, մինչեւ հիմա ըրածներէս ո՛չ մէկուն համար կը զղջամ։ Մինչեւ այսօր փափաքածներս ըրի, ասկէ վերջ դարձեալ պիտի ընեմ։ Եթէ ուզեն, երկրին վրայ ապրող բոլոր մարդիկը ինծի հետ գժտին, ես դարձեալ անոնց ցաւերուն հետ ցաւ պիտի զգամ։ Ամէն անհատ փափաքածին պէս թող ապրի։ Ասոր մէջ ի՞նչ վնաս կայ։ Աշխարհը նոյն թուականին է որ պիտի կործանի։ Ես օրէնքներու հնազանդեր եմ կամ ոչ, դուն մահապարտի ճերմակ զգեստով կախաղանին եռոտանիներուն մէջտեղ, երեք ժամ անշարժ մնացեր ես, ինչ կայ որ, ըլլալիքը միշտ նոյնն է։ Արդեօք կարեւորը երկու բեւեռներու համաձայնութի՞ւնն է։ Ըսենք որ համաձայնեցան, ինծի՞ ինչ։ Ըսենք որ չհամաձայնեցան, դարձեալ ինծի՞ ինչ։ Ես նաւաստի մըն եմ։ Այսօր այս նաւով, վաղը միւս նաւով ա՛լ աւելի ուրիշ օր մըն ալ ուրիշ նաւով մը ծով պիտի բացուիմ։ Իմ աշխարհս անհուններն է։ Եթէ փոթորիկը զօրաւոր ըլլայ ու ընկղմինք, ձուկերը խնջոյք պիտի սարքեն։ Իսկ եթէ պատերազմի ընթացքին բլուրի մը ստորոտը անյագ բնութեան նորածին լոյսին ներքեւ, կարծր ու տաք փամփուշտով մը անդիի աշխարհ ճամբորդեմ, այն ատեն ալ որդերը խնջոյքի պիտի տիրանան։ Արդիւնքը նոյնը ըլլալէ վերջ ես, բարձրահասակ նաւաստին, օրս օր ընել կ՚աշխատիմ։

Այս գիշեր ուշադրութիւն ըրէք, ձեր դրան առջեւէն անպայման մէկը սուլելով պիտի անցնի։ Այդ մարդը ե՛ս պիտի ըլլամ։

Արա Կիւլէր
1928-ին ծնած է Պոլիս։ Յայտնի է որպէս Թուրքիոյ մէջ ստեղծագործ լուսանկարչութեան համաշխարհային ասպարէզին վրայ հռչակուած կարեւորագոյն ներկայացուցիչը։ Լիսէի ուսման տարիներուն աշխատած է շարժանկարի սթիւտիօներուն ու շարժարուեստի բոլոր ճիւղերուն վրայ։ 1951-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Թատրոնի ու դերասանութեան դասընթացքներու հետեւած է Մուհսին Էրթուղրուլի մօտ։ Այդ տարիներուն է որ գրական հանդէսներու եւ հայալեզու թերթերուն մէջ հրատարակուեցան իր պատմուածքներն ու հարցազրոյցները։ Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանար Ստանպուլի համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնէն, զոր կիսաւարտ թողեց՝ որոշելով դառնալ ֆոթօ-լրագրող։ Լրագրական ասպարէզ մուտք գործեց 1950-ին, «Ենի Ստանպուլ» թերթով։ Ստանձնեց Time Life, Paris Match եւ Stern հանդէսներու Մերձաւոր Արեւելքի ֆոթօ-թղթակիցի պաշտօնը։ Մաս կազմեց Magnum Photos-ի։ Նոյեան տապանին վերաբերեալ իր թղթակցութիւնն ու լուսանկարները Magnum Photos-ի կողմէ տարածուեցան աւելի քան հարիւր հրատարակութեան։ Նոյնպէս այդ տարիներուն կատարեց Նեմրութ լերան մասին իր թղթակցութիւնը։ Մէկ այլ յայտնի թղթակցութիւնը կը վերաբերէր Ափրոտիսիասին, որու շնորհիւ մոռացութեան մատնուած այդ բնակավայրը վերստին յայտնաբերուեցաւ եւ աշխարհ զայն ճանչցաւ Կիւլէրի լուսանկարներով։ Մինչեւ 1961-ը որպէս լուսանկարի բաժնի վարիչ աշխատեցաւ «Հայաթ» հանդէսին մէջ։ 1961-ին Անգլիա հրատարակուող British Journal of Photography Year Book զինքը հռչակեց աշխարհի լաւագոյն եօթը լուսանկարիչներէն մէկը։ Նոյն տարին որպէս անդամ ընդունուեցաւ Հանդէսի լուսանկարիչներու ամերիկեան միութեան (ASMP)։ 1962-ին Գերմանիոյ մէջ նուաճեց Master of Leica տիտղոսը։ Նոյն տարուան ընթացքին ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն հրատարակութիւններէն Camera հանդէսը բացառիկ թիւ մը հրատարակեց Կիւլէրի մասին։ Լորտ Քինրոսի 1971-ին հրատարակուած Այա Սոփիայի գիրքին լուսանկարները իր հեղինակութիւններն են։ 1974-ին հրաւիրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր բազմաթիւ յայտնի ամերիկացիներ լուսանկարելէ ետք աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ սարքեց «Ստեղծագործ ամերիկացիներ» ցուցահանդէսը։ Երկար տարիներու աշխատանքէ մը վերջ, Միմար Սինանի ստեղծագործութեանց լուսանկարները հրատարակեց 1992-ին։ Հարիւրաւոր ցուցահանդէսներ սարքած է աշխարհի չորս ծագերուն։ Իրմէ հրատարակուած է տասնեակ հատորներ։ Հարցազրոյցներ կատարած ու լուսանկարած է աշխարհահռչակ բազմաթիւ անուններ՝ Պերթրանտ Ռասըլէն մինչեւ Ուինսթըն Չէօրչիլ, Առնոլթ Տոնպիէն Փիքասօ, Ուիլիամ Սարոյեանէ Սալվատոր Տալի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ առաջատար արուեստագէտները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment