Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ Պիտի Այցելէ Հայաստան

Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ Պիտի Այցելէ Հայաստան

by MassisPost

Օգոստոս 24-25-ին պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքել: Այցի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը, Հայաստանի եւ Գերմանիոյ վարչապետները բանակցութիւններու արդիւնքները պիտի ամփոփեն համատեղ մամուլի ասուլիսով: Այցելութեան ծիրէն ներս Մերքել հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:

Գերմանիոյ վարչապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment