«Ես ձեզ վստահեցնում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում լինելու են նախադէպը չունեցող ընտրութիւններ», – կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը։
«Ազատութեան» հարցին, թէ այլեւս ընտրակաշառք պիտի չբաժանուի՞, տեղեա՞կ են, թէ ովքեր են անցեալին ընտրակաշառք բաժնողները, Օսիպեանը պատասխանած է. – «Մենք չգիտենք, բայց կ’իմանանք, կը կանխենք, իսկ լինելու դէպքում ե՛ւ տուողը, ե՛ւ վերցնողը, ե՛ւ այն ոստիկանութեան աշխատակցի տեսադաշտում, որ այդ ամէնը կը կատարուի, կ’ենթարկուեն պատասխանատուութեան»։
ՀՀ կառավարութիւնը կրճատած է Երեւանի աւագանիի լիազօրութիւններուն ժամկէտը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) կողմէն հրապարակած օրը՝ Երեւան համայնքին մէջ պիտի նշանակուին ու իրականացուին Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ: Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարած է, որ հրապարակումէն 30-40-օրեայ ժամկէտի մէջ ԿԸՅ-ն կը նշանակէ Երեւանի արտահերթ ընտրութիւններուն օրը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ այս ընտրութիւնները պէտք է ըլլան բացառիկ՝ օրինականութեան, թափանցիկութեան եւ արդարութեան առումով։
«Ընտրակեղծարարների խմբերն այս ընտրութիւններում որեւէ անելիք չունեն, իսկ եթէ յանկարծ պարզուի, որ անելիք ունեն, գալիս է իրաւապահ մարմինների արագ, շեշտակի եւ արդիւնաւէտ անելիքի ժամանակը», – ըսած է վարչապետը։
Մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրություններուն ամենայն հաւանականութեամբ պիտի մասնակցին բազմաթիւ կուսակցութիւններ: Արդէն յայտնի է՝ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակը պիտի գլխաւորէ դերասան Հայկ Մարութեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնն առաջադրած է Նաիրա Զօհրապեանի թեկնածութիւնը, «Երկիր Ծիրանի»-ն՝ կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոսթանճեանի թեկնածութիւնը, ՀՀՇ-ն քաղաքապետի պաշտօնի համար առաջադրած է Արարատ Զուրապեանի թեկնածութիւնը, «Լուսաւոր Հայաստանն» ու Հանրապետութիւնը աւագանիի առաջին հորիզոնականին կը տեսնեն արդարադատութեան նախարար Արտակ Զեյնալեանը։