Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Պիտի Իրականացուին Նախադէպը Չունեցող Ընտրութիւններ. Օսիպեան

Հայաստանի Մէջ Պիտի Իրականացուին Նախադէպը Չունեցող Ընտրութիւններ. Օսիպեան

by MassisPost

«Ես ձեզ վստահեցնում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում լինելու են նախադէպը չունեցող ընտրութիւններ», – կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը։

«Ազատութեան» հարցին, թէ այլեւս ընտրակաշառք պիտի չբաժանուի՞, տեղեա՞կ են, թէ ովքեր են անցեալին ընտրակաշառք բաժնողները, Օսիպեանը պատասխանած է. – «Մենք չգիտենք, բայց կ’իմանանք, կը կանխենք, իսկ լինելու դէպքում ե՛ւ տուողը, ե՛ւ վերցնողը, ե՛ւ այն ոստիկանութեան աշխատակցի տեսադաշտում, որ այդ ամէնը կը կատարուի, կ’ենթարկուեն պատասխանատուութեան»։

ՀՀ կառավարութիւնը կրճատած է Երեւանի աւագանիի լիազօրութիւններուն ժամկէտը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) կողմէն հրապարակած օրը՝ Երեւան համայնքին մէջ պիտի նշանակուին ու իրականացուին Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ:  Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարած է, որ հրապարակումէն 30-40-օրեայ ժամկէտի մէջ ԿԸՅ-ն կը նշանակէ Երեւանի արտահերթ ընտրութիւններուն օրը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ այս ընտրութիւնները պէտք է ըլլան բացառիկ՝ օրինականութեան, թափանցիկութեան եւ արդարութեան առումով։

«Ընտրակեղծարարների խմբերն այս ընտրութիւններում որեւէ անելիք չունեն, իսկ եթէ յանկարծ պարզուի, որ անելիք ունեն, գալիս է իրաւապահ մարմինների արագ, շեշտակի եւ արդիւնաւէտ անելիքի ժամանակը», – ըսած է վարչապետը։

Մայրաքաղաքի աւագանիի ընտրություններուն ամենայն հաւանականութեամբ պիտի մասնակցին բազմաթիւ կուսակցութիւններ: Արդէն յայտնի է՝ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակը պիտի գլխաւորէ դերասան Հայկ Մարութեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնն առաջադրած է Նաիրա Զօհրապեանի թեկնածութիւնը, «Երկիր Ծիրանի»-ն՝ կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոսթանճեանի թեկնածութիւնը, ՀՀՇ-ն քաղաքապետի պաշտօնի համար առաջադրած է Արարատ Զուրապեանի թեկնածութիւնը, «Լուսաւոր Հայաստանն» ու Հանրապետութիւնը աւագանիի առաջին հորիզոնականին կը տեսնեն արդարադատութեան նախարար Արտակ Զեյնալեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment