Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 120 Միլիոն Դրամ ԱԳՆ-ին՝ Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովի Մասնակիցներուն Կեցութիւնն Ապահովելու Համար

120 Միլիոն Դրամ ԱԳՆ-ին՝ Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովի Մասնակիցներուն Կեցութիւնն Ապահովելու Համար

by MassisPost

2018-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոն պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթնաժողովի նախապատրաստման եւ անցկացման հետ կապուած միջոցառումներու իրականացման նպատակով  ՀՀ կառավարութիւնը Արտաքին գործոց նախարարութեան պիտի յատկացնէ 120 միլիոն դրամ: Այս մասին որոշման նախագիծն ընդգրկուած է գործադիրի 16 օգոստոսի նիստին:

Կառավարութեան հիմնաւորման համաձայն՝ 7-12 Հոկտեմբեր 2018-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոն պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն 17-րդ գագաթաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանող բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու կեցութեան նպատակով 6-13 Հոկտեմբեր ինկած ժամանակաշրջանին համար ամրագրուած են շուրջ 40 հիւրանոցներու մէջ առկայ 1300-էն աւել սենեակներ:

Ամրագրումներն եղած են դեռ 2017-ի Նոյեմբերին եւ հիւրանոցներուն հետ նախնական պայմանաւորուածութիւն եղած է պայմանագրեր կնքելու եւ կանխավճարներ փոխանցելու վերաբերեալ: Այնուհետեւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան քարտուղարութեան խորհուրդով որոշուած է, որ վերոնշեալ 40 հիւրանոցները նախատեսուած են այն հիւրերուն համար, որոնք իրենք պիտի վճարեն իրենց կեցութեան ծախսերը:

Խնդիրը քննարկուած է հիւրանոցներուն հետ, ինչի արդիւնքով առաջացած է հիւրանոցներուն հետ պայմանագիր կնքելու եւ 25% կանխավճար կատարելու անհրաժեշտութիւն` եղած ամրագրումները մինչեւ Հոկտեմբեր 1 պահելու նպատակով: Համաձայն ձեռք բերուած նոր պայմանաւորուածութեան` ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի չեղարկէ 1 հոկտեմբերի դրութեամբ հիւրերու կողմէն չամրագրուած սենեակները, իսկ վճարուած կանխավճարը արդէն ամրագրուած սենեակներուն համար ետ պետական պիւտճէ պիտի վերադարձուի:

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հիւրանոցներուն հետ պայմանագրերու կնքումը եւ 25% կանխավճարներու փոխանցումը միակ երաշխիքն է Ֆրանքոֆոն պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն 17-րդ գագաթնաժողովի մասնակից հիւրերու կեցութիւնը յաւուր պատշաճի ապահովելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment