Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Փրօֆ. Վռամ Ծերունեան Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Համալսարաններու Երկու Պատուոյ Տիտղոսներով

Փրօֆ. Վռամ Ծերունեան Պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Համալսարաններու Երկու Պատուոյ Տիտղոսներով

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ

Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի կառավարչական հմտութիւններու բաժնի հանրային կառավարման ծրագրի ղեկավար, Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կառավարման «Պետրոսեան կեդրոն»ի գործադիր տնօրէն, «Ռոլինկ Հիլզ Էսթեյթ» քաղաքի քաղաքապետ, աշխարհի հայ իրաւաբաններու միութեան նախկին ատենապետ, ազգային գործիչ ու քաղաքագէտ, նախկին Պոլսահայ յայտնի փրօֆ. Ֆրանք Վռամ Ծերունեան, իր նախակրթութիւնը ստացած է Պագըրգիւղի Տատեան վարժարանի մէջ, իսկ յետոյ Փարիզի Սամուէլ Մուրատ Մխիթարեան վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, մեկնած է Ամերիկա: Ան Ամերիկայի մէջ նախ վկայուած է Գալիֆորնիա Սթէյթ համալսարանէն, ապա Ուէսթըրն Սթէյթ իրաւաբանական վարժարանէն:

Փրօֆ. Ֆրանք -Վռամ Ծերունեան հինգ տարիներէ ի վեր անձնուիրաբար կը դասախօսէ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, նոյն ժամանակ կը դասախօսէ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային կառավարման Ակադեմիոյ գիտական յանձնախումբի, Երեւանի Պետական համալսարանի, ինչպէս նաեւ Վազգէն Սարգիսեան ռազմական համալսարանի դասախօսութեան թեմաներու գիտութեան բաժնին մէջ:

 

zerunyam-1

Իր դասախօսութեան նիւթերն են՝ հանրային կառավարում (Public administration – Governance), Առաջնորդութիւն (Leadership) եւ բանակցութիւն (Negotiation):

Փրօֆ. Ծերունեան Յունիս 2018-ին հրաւիրուած էր Հայաստանի օդային օւժերու հիմնադրութեան 26-րդ տարեդարձի հանդիսութիւններուն: Այս հրաւէրը եկած էր Ծերունեանի նախկին աշակերտներէն գնդապետ՝ Գագիկ Ասլանեանի կողմէ: Ծերունեան այցելեց Երեւանի մէջ օդաչուներու մարզավայրը, ապա Կիւմրիի Հայաստանի օդային ուժերու կեդրոն:

Փրօֆ. Ծերունեան 27 Յունիս 2018-ին ՀՀ Պետական կառավարման ակադեմիոյ (ՊԿԱ) կողմէ հիւրնկալուեցաւ եւ հանդէս եկաւ մագիստրոսի ուսման հետեւող ուսանողներու առջեւ, անդրադառնալով հետաքրքրական եւ արդիական թեմաներու, մասնաւորաբար կառավարման ոլորտի մէջ այնքան կարեւոր «բանակցութիւններ-նոր բանակցութիւններ» թեմային: Բանախօսութեան երկրորդ մասին առանցքային նիւթը ամերիկեան կրթութեան ոճն ու փորձարութիւնն էր: Այս մասին ներկայ գտնուեցան ակադեմիոյ աշխատակազմն ու դասախօսներ: Պետական կառավարման Ակադեմիոյ վերատեսուչ Արսէն Լոքեանի առաջարկով, Փրօֆ. Ծերունեան մանրամասնօրէն ներկայացուց նաեւ իրենց համալսարանին մէջ գործող կարգերն ու բարքերը:

Փրօֆ. Ծերունեան հանրային կառավարման ակադեմիոյ կողմէ պարգեւատրուեցաւ Տոքթորայի տիտղոսով, իսկ Հայաստանի ռազմական ուժերու կողմէ ալ «Պատուոյ Գնդապետ»ի տիտղոսով:

Հոս կուզենք նշել, թէ Փրօֆ. Ֆրանք Վռամ Ծերունեան զաւակն է նախկին Պոլսահայ այժմ Լոս Անճէլըսաբնակ ազգային գործիչ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ-Այտա Ծերունեաններու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment