Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սփիւռքի Նախարարի Այցելութեան Առթիւ

Սփիւռքի Նախարարի Այցելութեան Առթիւ

by MassisPost

«Մասիսի» երկշաբաթեայ արձակուրդի ընթացքին տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն հայ համայնքի կեանքէն ներս: Լոս Անճելոս այցելեց Սփիւռքի նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Այցելութեան նախօրեակին համայնքէն ներս ստեղծուեցան որոշ տարակարծութիւններ, երբ կարգ մը անհատներու կողմէ փորձ կատարուեցաւ «առեւանգելու» նախարարի այցելութիւնը ու զայն օգտագործելու անձնական նպատակներու համար: Բարեբախտաբար, նախարարը անմիջապէս տիրապետելով ստեղծուած կացութեան, կարողացաւ առաջքը առնել անհասկացողութիւններուն ու այցելութիւնը անցաւ սահուն ու պսակուեցաւ յաջողութեամբ:

Բաւականին խճողուած յայտագրի մը ընթացքին, նախարարը հանդիպեցաւ համայնքի գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ, այցելեց շարք մը ազգային հաստատութիւններ ու առիթը ունեցաւ շփուելու շրջանի հայութեան հետ:

Իր երիտասարդ տարիքին ու «անփորձառութեան» մասին Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող կարծիքները փարատելով, նախարար Հայրապետեան ձգեց ամբողջովին այլ՝ խիստ դրական տպաւորութիւն, բոլոր անոնց մօտ, որոնք առիթը ունեցան լսելու անոր հրապարակային ելոյթները: Ան կարողացաւ յստակ բանաձեւել Սփիւռքի նախարարութեան որդեգրած նոր ճանապարհային ուղին՝ գործակցելու սփիւռքի տարբեր համայնքներուն ու հոն գործող կազմակերպութիւններուն ու անհատ գործիչներուն հետ, լսելու բոլորի կարծիքներն ու առաջարկութիւնները ու միասնաբար սատարելու նոր Հայաստանի կերտումին: Նախարարը եկաւ փաստելու որ, ինք արդէն իսկ տիրապետած է իր պաշտօնի նրբերագներուն ու յստակ պատկերացում ունի սպասուող բոլոր մարտահրաւէրներու մասին:

Առանց թերագնահատելու անցնող տարիներուն Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը, պէտք է ընդունիլ որ, հոն կը պակսէր Հայաստանի գործող իշխանութիւններուն նկատմամբ հաւատքն ու համակրանքը, երեւոյթներ որոնք մեծապէս արգելք կը հանդիսանային Հայաստան-սփիւռք կապերը ակնկալուած բարձրութեան վրայ դնելուն:

Ներկայիս Հայրենիքէն ներս կը տիրէ բարոյահոգեբանական նոր իրավիճակ, որ կը տարածուի նաեւ սփիւռքի վրայ: Նախարար Հայրապետեան իր այցելութեամբ սփիւռքի ամենէն բազմամարդ ու Հայաստանի առօրեայով ապրող այս գաղութը դրաւ նոր պարտաւորութիւններու առջեւ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment