Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտի 1-ի Գործով Կատարուած Խուզարկութեամբ Յովիկ Աբրահամեանին Պատկանող Գործարանին Մէջ Յայտնաբերուած է Մեծ Քանակութեամբ Զէնք եւ Ռազմամթերք

Մարտի 1-ի Գործով Կատարուած Խուզարկութեամբ Յովիկ Աբրահամեանին Պատկանող Գործարանին Մէջ Յայտնաբերուած է Մեծ Քանակութեամբ Զէնք եւ Ռազմամթերք

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութեան վարոյթին մէջ գտնուող, 2008 թուականի Մարտի 1-էն 2-ն ինկած ժամանակահատուածին Երեւան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու վերաբերեալ քրէական գործի շրջանակներէն ներս ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէն իրականացուած հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով տուեալներ ստացուած են, որ ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին փաստացի պատկանող, Ամբիկ Գէորգեանի անուամբ ձեւակերպուած` ՀՀ Արարատի մարզի Մխչեանի նախկին մեքանիք-վերանորոգման գործարանին մէջ ապօրինի կը պահուի մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք: Այս մասին կը հաղորդէ ԱԱԾ լրատուական ծառայութիւնը:

«Ստացուած տուեալների հիման վրայ 2018 թ. Օգոստոսի 6-ին եւ 7-ին ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցների եւ ՅՔԾ քննիչների կողմից նշուած վայրում իրականացուած խուզարկութեան արդիւնքում յայտնաբերուել է ապօրինի պահուող զէնք եւ ռազմամթերք, այդ թուում` 3 հատ ձեռքի գնդացիր, 7 հատ ԱԿ-74 տեսակի ինքնաձիգ, 2 հատ ՍՎԴ տեսակի դիպուկահար հրացան, 3 հատ տարբեր տեսակի հրացաններ, 2 հատ ատրճանակ եւ ռազմամթերք հանդիսացող տարբեր տրամաչափի մեծ քանակութեամբ փամփուշտներ:

Ապօրինի կերպով հրազէն եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու կասկածանքով ձերբակալուել են Ամբիկ Գէորգեանն ու Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը` Հենրիկ Աբրահամեանը: ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը համատեղ իրականացնում են անյետաձգելի հետախուզական միջոցառումներ եւ քննչական գործողութիւններ` ստուգելու համար խուզարկութեամբ յայտնաբերուած զէնքերի ձեռքբերման աղբիւրները եւ դրանց` 2008 թուականի Մարտի 1-ին եւ 2-ին գործադրուած լինելու հանգամանքը»,- նշուած է ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment