Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Իրաւապաշտպանները կը Յորդորեն Վարչապետին՝ Չանտեսել Շանթ Յարութիւնեանին Արդարացնելու Հարցը

Իրաւապաշտպանները կը Յորդորեն Վարչապետին՝ Չանտեսել Շանթ Յարութիւնեանին Արդարացնելու Հարցը

by MassisPost

Խումբ մը իրաւապաշտպաններ նամակ յղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ յորդորելով «յետին փլան չմղել» 5 տարի առաջ «արժէքներու յեղափոխութեան» դուրս եկած եւ 6 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Շանթ Յարութիւնեանի ու, առհասարակ, քաղբանտարկեալներու արդարացման գործը:

Նամակի հեղինակներու ձեւակերպմամբ՝ հայաստանեան եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէն քաղբանտարկեալ ճանչցուած Շանթ Յարութիւնեանը միայն արդարացման վճիռ կ’ակնկալէ եւ այլ ճանապարհով ազատ արձակուիլ չի պատրաստուիր:

Վարչապետին ուղղուած նամակը ստորագրած իրաւապաշտպաններէն Աւետիք Իշխանեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պնդած է՝ Շանթի եւ ընկերներու գործով իրականացուած է անարդար դատավարութիւն, իսկ դատավճիռն ակնյայտօրէն անհամաչափ է անոն արարքին: Իշխանեանը տեղի ունեցածը հաշուեյարդար որակած է:

«Արժէքներու յեղափոխութեան» դուրս եկած 12 դատապարտուածներէն միայն Շանթ Յարութիւնեանը այս պահին ճաղերու ետին է: Միւս դատապարտուածներէն մէկ մասին պատժաժամկէտը լրացած է, միւս մասին ալ դատարանը պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակած է: Անոնցմէ Աւետիս Աւետիսեանն ու Ալեք Պօղոսեանն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մէջբերած էին յեղափոխութեան դուրս եկած Փաշինեանի խօսքերը՝ «Օր առաջ, ժամ առաջ պէտք է ազատ արձակուեն քաղբանտարկեալները»:

Նաեւ աւելցուցած են՝ ժամանակին Փաշինեանի թուարկած անձերէն միայն Շանթ Յարութիւնեանը դեռ անազատութեան մէջ է: «Առանց Շանթին ազատ արձակելու հնարաւոր չէ ժողովրդավարական պետութիւն կերտրել»,- պնդած է Ալեք Պօղոսեանը: Ներկայիս իշխանութիւններուն հետ այլեւս մեծ յոյսեր չի կապեր Շանթ Յարութիւնեանի համախոհ Աւետիս Աւետիսեանը: Խնդրի լուծումը ան այժմ կ’ակնկալէ Մարդու Իրաւունքնենրու Եւրոպական դատարանէն:

«Թաւշեայ յեղափոխութեան ընթացքում, ապա յեղափոխութիւնից յետոյ, Դուք բազմիցս յայտարարել էք, որ Հայաստանում պէտք է բացառուեն այնպիսի արատաւոր երեւոյթները, ինչպիսիք են կոռուպցիան, կլանային համակարգը, արդարադատութեան բացակայութիւնը, մարդու իրաւունքների խախտումները, քաղբանտարկեալների գոյութիւնը։ Սրանք բոլորն էլ առաջնահերթութիւններ են, որոնց յաղթահարման համար անհրաժեշտ են հրատապ քայլեր ու ժամանակ։ Բայց թուարկուած առաջնահերթութիւններից մէկի՝ քաղբանտարկեալների դէպքում դանդաղելու իրաւունք չունենք։

Կարծում ենք՝ քաղբանտարկեալի կողմից իր նկատմամբ քաղաքական դրդապատճառներով կայացուած դատավճռի վերացման եւ իր արդարացման պահանջը տրամաբանական է, եւ Ձեր կողմից համապատասխան դիրքորոշման հնչեցումը ընկալուելու է ոչ թէ որպէս դատական իշխանութիւնների ուղղորդում, այլ հանրային հիմնաւոր ակնկալիքների արտայայտում, որը նպաստելու է խնդրի իրաւաբանական լուծմանը։ Պէտք է վերացուի քաղբանտարկեալի նկատմամբ կայացուած անարդար ու պատուիրուած դատավճիռը, նա պէտք է արդարացուի եւ ազատ արձակուի»,- նաեւ նշուած է իրաւապաշտպաններու յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment