Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազութիւնը Մերժեց Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Պատգամաւորներու Միջնորդութիւնը

Դատախազութիւնը Մերժեց Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Պատգամաւորներու Միջնորդութիւնը

by MassisPost

ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն միջնորդութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն:

«Նախաքննութեան ներկայ փուլին կը պահպանուին Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորման հիմքերը եւ անազատութեան հետ չկապուած այլ խափանման միջոցի ընտրութիւնը դեռ ի զօրու չէ երաշխաւորելու մեղադրեալի պատշաճ վարքագիծով պայմանաւորուած քննութեան անխափան ընթացքը»,- ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեան:

Երկրորդ նախագահի պաշտպանական խումբը չէ մեկնաբանած դատախազութեան այս որոշումը: Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններէն Հայկ Ալումեանն ըսած է՝ «նախ պէտք է ստանանք այն, ծանօթանանք մերժման հիմքերին եւ միայն դրանից յետոյ իրաւական գնահատական հնչեցնենք»:

ԱԺ փոխնախագահ, Հանրապետականի խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը,  «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ զարմացած չէ այս յայտարարութենէն։ Ըստ անոր՝ Գլխաւոր դատախազութեան բերած պատճառաբանութիւններն անհասկնալի են, ու սա «յստակ քաղաքական պատուէր է՝ անձնական հաշիւների մաքրում»։

«Սա ընտրովի արդարադատութիւն է, պարոնայք, նոր Հայաստանում չկայ արդարադատութիւն, նոր Հայաստանում գործում է այլեւս քաղաքական պատուէր: Եւ ես կրկնում եմ, որ դատախազութեան բացատրութիւնը եւ հիմնաւորումը օդ է, ջուր, օդ: Ի՞նչ է նշանակում խոչընդոտել, ի՞նչ է նշանակում պատշաճ․․․ ի՞նչ պիտի աներ Քոչարեանը, պիտի փախնէ՞ր: Քոչարեանը, կը ներէք, թուրքից չի փախել պատերազմի ժամանակ, ձեզնից ո՞ւր պիտի փախնէր, Քոչարեանը եթէ փախնող լինէր, չէր գայ», – յայտարարած է Շարմազանովը:

Խորհրդարանի փոխնախագահը «խայտառակութիւն» որակած է այն փաստը, որ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբի անդամներուն ազատ արձակելու համար մի քանի պատգամաւորներու միջնորդութիւնը բաւարարած է, իսկ Քոչարեանի հարցով 45 պատգամաւորներու երաշխաւորութիւնը հիմք չէ դարձած խափանման միջոցը փոխելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment