Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Ճգնաժամի ֆոնին Թրքական Տնտեսութիւնն Անկում Կ’ապրի

ԱՄՆ-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Ճգնաժամի ֆոնին Թրքական Տնտեսութիւնն Անկում Կ’ապրի

by MassisPost

«Թրքական տնտեսութիւնը՝ ճգնաժամի առաջ», «Թրքական արժեթուղթերն ու արժոյթը՝ վայրիվերումներու մէջ». արդէն չորրորդ օրն է՝ ֆինանսական աշխարհի մէջ յայտնի Bloomberg-ը եւ FT-ն այսպէս կը բնորոշեն Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած տնտեսական կացութիւնը, որն օրէ օր աւելի կը վատթարանայ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ շարունակուող դիւանագիտական լարուածութեան ֆոնին: Թրքական լիրան հերթական անկում արձանագրած է տոլարի նկատմամբ՝ հասնելով պատմութեան մէջ ամենացած ցուցանիշին:

«Ազգային արժոյթի՝ օրէ օր շարունակուող անկումն ու արդէն 16 տոկոսի հասնող գնաճը կրնան լրջագոյն խնդիրներու առջեւ կանգնեցնել երկիրը»,- «Ռոյթըրզին» ըսած է տնտեսական փորձագէտ, «Ռապոպանք»ի արժութային ռազմավարութեան գծով առաջատար մասնագէտ Ճեյն Ֆոլէյը:

«Սա ճգնաժամ է, որ կրնայ լուրջ վնասներ հասցնել: Թուրքիոյ տնտեսութեան համար կանխատեսուող սենարն արդէն իսկ բարդ է, շատ բարդ: Եթէ նայինք միայն գնաճին, այն երկնիշ թիւ կը կազմէ, ինչը լուրջ հարուած է պիզնեսին ու սպառողներուն: Յառաջիկային տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներ, տարբեր պիզնեսներ պիտի սկսին առաւել շօշափելի զգալ այս ամէնուն հետեւանքները, եւ այն կրնայ իսկապէս շատ ցաւագին ըլլալ»,- ըսած է փորձագէտը:

Գիներու չդադրող աճն ու լիրայի շարունակական անկումն ամենաքննարկուող հարցերն են թրքական հանրութեան շրջանին: «Ռոյթըրզ»ի հետ զրոյցի ժամանակ առեւտրականներէն շատերը յայտնած են, որ եկամուտները կը նուազին, մտավախութիւնները՝ կ’աւելնան: «Սա շատ բացասաբար կ’ազդէ մեր կեանքին վրայ, գնողունակութիւնն անկում կ’ապրի, մարդիկ մտահոգ են: Անոնք, օրօք կրնային իրենց յաւելեալ գնումներ թոյ տալ, այսօր կը նախընտրեն տնտեսել գումարը», «կը կարծեմ՝ այս ամէնուն պատճառն արտաքին ազդեցութիւնն է․ տոլարը կը սղի, քանի որ հաղորդումներ կան, որ Ամերիկան կը պատրաստուի նոր պատժամիջոցներ սահմանել Թուրքիոյ դէմ: Ներդրողները սպասման մէջ են, գնողունակութիւնն կ’իյնայ, մարդիկ չեն ուզեր եղած գումարը ծախսել»,- ըսած են թուրք առեւտրականները:

Փորձագէտները եւս կը փաստեն, որ տնտեսական խնդիրներու հիմնական պատճառը Թուրքիոյ նկատմամբ սահմանուած ամերիկեան պատժամիջոցներն են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment