Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զեկոյց․ Թրքական Մամուլին մէջ Հայերն Ամէնէն Յաճախ Թիրախաւորուող Ցեղային Խումբերէն են

Զեկոյց․ Թրքական Մամուլին մէջ Հայերն Ամէնէն Յաճախ Թիրախաւորուող Ցեղային Խումբերէն են

by MassisPost

Պոլսոյ մէջ գործող Հրանդ Տինքի հիմնադրամը հրապարակած է տարբեր ցեղային եւ կրօնական խումբերու դէմ թրքական մամուլին մէջ ատելութեան դրսեւորումներու վերլուծութեան նուիրուած իր հերթական զեկոյցը։

Ըստ այդմ՝ 2018-ի Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն թրքական մամուլին մէջ 76 տարբեր խումբերու նկատմամբ ատելութիւն ու թշնամանք պարունակող 3076 յայտարարութիւն արձանագրուած է:

Նշուած ժամանակահատուածին հրապարակուած է ցեղային եւ կրօնական խումբեր թիրախաւորղ 2265 յօդուած եւ լուր։

Թրքական լրատուամիջոցներու թիրախ ամէնէն յաճախ յայտնուած են հայերը, յոյները եւ հրեաները։

Նշուած չորս ամիսներուն ընթացքին թրքական մամուլին մէջ հայերը հիմնական՝
– Թիրախաւորուած են հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ հրապարակումներուն մէջ,
– Պիտակաւորուած են որպէս բռնութիւններու հակուած ցեղախումբ,
– Մեղադրուած են Թուրքիոյ համար «թշնամի» հռչակուած խումբերուն կամ անհատներուն թիկունքէն աջակցութիւն ցուցաբերելու մէջ,
– Հայկական ԱՍԱԼԱ-ն յիշատակուած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK) հետ համատեղ՝ որպէս ահաբեկչութեան աղբիւր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment