Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազութիւնը Ստացած է Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Վերաբերեալ 45 Պատգամաւորներու Երաշխաւորագրերը

Դատախազութիւնը Ստացած է Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Վերաբերեալ 45 Պատգամաւորներու Երաշխաւորագրերը

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը ստացած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ 45 պատգամաւորներու երաշխաւորագրերը: Այս մասին NEWS.am-ին ըսած է դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը:

Երաշխաւորագրերը այժմ քննարկման փուլի մէջ են:

Նշենք, որ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու համար ստորագրահաւաքին միացած է 45 պատգամաւոր, այդ շարքին նաեւ Ազգային Ժողովի (ԱԺ) նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Ազգային Ժողովի (ԱԺ) երկու փոխնախագահներ Էտուարտ Շարմազանովը եւ Արփինէ Յովհաննիսեանը։ Մնացած պատգամաւորներուն անունները յայտնի չեն, թէեւ ՀՀ երկրորդ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեանը նշած էր, որ ստորագրողները միայն ՀՀԿ խմբակցութենէն չեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment