Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Այդ Լարուած Իրավիճակում Սահմանից Զօրքը Բերւում է, Տեղակայւում էր Երեւան Քաղաքի Մօտակայքում» Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Պետ

«Այդ Լարուած Իրավիճակում Սահմանից Զօրքը Բերւում է, Տեղակայւում էր Երեւան Քաղաքի Մօտակայքում» Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Պետ

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանը վստահեցուցած է, որ Մարտի 1-ի գործով քննչական խումբը որեւէ կաշկանդուածութիւն չունի, առկայ տուեալներէն ելլելով, գործին մէջ նոր անձեր ներգրաւելու վերաբերեալ: «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետն ընդգծած է, որ գործի հանգամանքներուն վերաբերեալ աւելի մանրամասն տեղեկատուութիւն չուզեր տալ, ապա աւելցուցած, որ բաց դատավարութիւն պիտի ըլլայ, եւ հանրութիւնը կը համոզուի, որ ամբողջ ծաւալով քննութիւնը կ’իրականացուի:

Անդրադառնալով յոյժ գաղտնի թիւ 0038 հրամանին՝ ան նշած է, որ խնդրայարոյց ձեւակերպումներ կան անոր մէջ, որոնք եւս քննութեան առարկայ դարձած են: «Շատ կարեւոր է, որ այս հրամանը ստորագրուել է Փետրուարի 23-ին, այսինքն՝ այն ժամանակ, երբ ոչ մի տուեալ չկար, որ Մարտի 1-ին լինելու էին խժդժութիւններ, այսինքն՝ անհասկանալի էր, թէ ինչու պիտի բանակը ներգրաւուի այդ գործընթացներում»,-աւելցուցած է Սասուն Խաչատրեանը:

Սասուն Խաչատրեանը նշած է, որ սխալ է ասել, թէ բանակն այդ ժամանակ չէ խառնուած ներքաղաքական գործընթացներուն: «Շատ կարեւոր է այն, որ մի ժամանակ շատ շահարկուում էր, որ սահմաններում լարուածութիւն է եղել…այդ լարուած իրավիճակում սահմանից զօրքը բերուում է, տեղակայուում Երեւան քաղաքի մօտակայքում, որը ոչ մի լաւ բանի չէր կարող բերել, եւ ինչպէս տեսանք մարտի 1-ը դրա վառ ապացոյցն էր»,-ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու յայտարարութեան, թէ զօրքերը անցած են զօրանոցային վիճակի, իսկ հրամանն ալ բանակը յետագայ գործընթացներուն մէջ չներքաշելու համար եղած է, Խաչատրեանն ընդգծած է, որ պաշտպանող կողմը կը ցանկար, որ այդպէս ըլլար:

Անդրադառնալով յայտարարութիւններուն, թէ Հանրային հեռուստաընկերութեան «Օրակարգից դուրս» հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին մէջ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետը խախտած է անմեղութեան կանխավարկածը՝ Սասուն Խաչատրեանը պատասխանած է. «Ես չեմ կարող մեկնաբանել նրանց կարծիքները, ես անմեղութեան կանխավարկած չեմ խախտել: Նրանք իրաւաբաններ են, կարծիքներ են յայտնում, իրաւունք ունեն: Ծիծաղելի են յայտարարութիւնները, թէ ես դատարանի վրայ ճնշում եմ գործադրում: Ազդեցութիւն դատաւորի վրայ կարող է ունենալ այն պաշտօնեան, ով դատաւոր է նշանակում:

Սասուն Խաչատրեանը յիշեցուցած է, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնն ապաքաղաքական մարմին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment