Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան․ «Թոյլ Չեն Տար, որ Մեր Պատրիարքը Ընտրենք, Բայց «Ազատ» Կ’ապրինք»

Փայլան․ «Թոյլ Չեն Տար, որ Մեր Պատրիարքը Ընտրենք, Բայց «Ազատ» Կ’ապրինք»

by MassisPost

Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու առաջնորդները եւ ներկայացուցիչները յայտարարութիւն տարածած են՝  հերքելով Թուրքիոյ մէջ այլ կրօն դաւանողներու նկատմամբ ճնշումներու մասին լուրերը։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ անցեալին եղած դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին լուծուած են։

«Պետական հաստատութիւններու հետ մշտական խորհրդակցութիւններ կը կատարենք այն խնդիրներու շուրջ, որոնք կ’ուզենք լուծել»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն յայտարարութեան տակ ստորագրած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը, Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Լեւոն Զէքիեանը Կէտիկփաշայի հայ բողոքական եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հիմնադրամի հոգեւոր ղեկավար հովիւ Գրիգոր Աղապալօղլուն, Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն, Ս․ Յակոբ հայ կաթոլիկ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պերնարտ Սարըպայը:

Ստորագրողներու շարքին եղած են նաեւ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Բարթողիմէոս Առաջինը, Թուրքիոէ րաբունապետ Իսակ Հալեւան։

turkey religious minorities

Յայտարարութիւնը մեկնաբանած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։

Ան «Twitter»-ի մէջ հետեւեալ գրառումը կատարած է․ «Չեն ձգեր, որ մեր պատրիարքը ընտրենք, չեն ձգեր, որ հոգեւոր դպրոցը բանանք, թոյլ չեն տար, որ եկեղեցւոյ հիմնադրամներու ղեկավարներու ընտրութիւններ իրականացնենք, մնացած բուռ մը համայնքն ալ աղաւնիի պէս երկչոտ է, բայց «ազատ կ’ապրինք»։ Այս յայտարարութիւնն անգամ ապացոյց է, որ ազատ չենք»։

Նշենք, որ ըստ «Ակօս» շաբաթաթերթի՝ համատեղ յայտարարութիւնը կապուած է Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիու Պրանսընի դատական գործի վերաբերեալ ԱՄՆ փոխնախագահ Մայք Փենսի յայտարարութիւններուն հետ։

Վերջինը ըսած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պրանսընի դէմ մեղադրականին մէջ անոր մեղադրած է երկիրը պառակտելու մէջ, քանի որ Պրանսընն այնտեղ քրիստոնէական հաւատք կը տարածէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment