Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Փորձեմ Միայնակ Որոշել իմ Քայլերը, Վտանգի Տակ կը Յայտնուեմ. Փաշինեանը՝ RFI-ին

Եթէ Փորձեմ Միայնակ Որոշել իմ Քայլերը, Վտանգի Տակ կը Յայտնուեմ. Փաշինեանը՝ RFI-ին

by MassisPost

Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւնը կը շարունակուի: Այս մասին Ֆրանսայի միջազգային ռատիոյի (RFI) հետ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը,  ան այս մասին խօսած է՝ ի պատասխան լրագրողի հարցին, թէ նախապէս ըլլալով լրագրող, ընդդիմադիր գործիչ ու աքթիւիսթ, վարչապետը ինչպէս կը զգայ ինքզինք պետական պաշտօնեայի դերին մէջ՝ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք: «Ընդհանրապէս յեղափոխութիւնները հիմնուած են ընտրութեան վրայ՝ կանգնել ինչ-որ պահի՞, թէ շարունակել այն: Հայաստանի դէպքում մարդիկ էին, որ որոշեցին, թէ ես ինչ պիտի անեմ: Ես հասկացայ, որ եթէ փորձեմ միայնակ որոշել իմ ապագայ քայլերը, մարդկանց յուսախաբ անելու վտանգի տակ կը յայտնուեմ: Այսօր մենք շարունակում ենք յեղափոխութիւնը: Մենք բարձրացրել ենք խնդիրներ եւ մենք այստեղ ենք՝ դրանք լուծելու համար»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Անդրադառնալով արդարադատութեան համակարգէն ներս կաշառակերութեան վերացման՝ Նիկոլ Փաշինեանը շեշտած է, որ կաշառք վերցնող դատաւորները պիտի պատժուին օրէնքի ողջ խստութեամբ, իսկ կաշառք չվերցնողները պիտի աշխատին ազատ ու անկախ: Ան նկատած է, որ վերջին տարիներուն հարիւր հազարաւոր գումարներ ուղղուած են արդարադատութեան համակարգի բարեփոխման:

Լրագրողը նկատած է, որ նոր կառավարութեան մէջ կանանց ներգրաւուածութեան իմաստով ոչինչ փոխուած է՝ 17 նախարարէն միայն 2-ը կին են, ինչին ի պատասխան՝ վարչապետ Փաշինեանն ըսած է. «Այս օրերին ես չորս կին փոխնախարար եմ նշանակել: Նախկինում թաւշեայ յեղափոխութիւն տեղի չի ունեցել երկու հիմնական ուժերի՝ կանանց ու երիտասարդութեան փասիւութեան պատճառով: Այս քաղաքական գործընթացներում կանանց մասնակցութիւնն աննախադէպ էր: Ես համոզուած եմ, որ գալիք տարիներին կանանց դերն աւելի կարեւոր կը լինի քաղաքական գործընթացներում»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Անդրադառնալով հայրենադարձութեան հարցին՝ վարչապետը նկատած է, որ աշխարհասփիւռ հայերու ներուժը կրնայ օգտակար ըլլալ ոչ միայն տնտեսական ու մշակութային ոլորտներուն մէջ, այլեւ հանրային կառավարման համակարգէն ներս: Բայց կան օրէնսդրական սահմանափակումներ, օրինակ, այն, որ անձը կրնայ նախարար դառնալ միայն այն պարագային, եթէ ան ՀՀ քաղաքացի է եւ Հայաստանի մէջ ապրած է վերջին չորս տարին:  Ինչն, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, արդիւնաւէտ կարգաւորում չէ՝ հաշուի առնելով աշխարհի մէջ հայերու սփռուածութեան փաստը։ «Նրանց ներգրաւուածութեան բարձրացումը կարող է լինել մեծ հայրենադարձութեան քայլերից մէկը»,-աւելցուցած է ան:

Նիկոլ Փաշինեանը վերահաստատած է իր մօտեցումները, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւնը միջազգային    ենթաթեքստ չի կրեր, եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական   գործօնները կը շարունակեն մնալ նոյնը: «Մեր նպատակը ազգային շահերը, երկրի ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելն է: Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը ոչ փրոարեւմտեան, ոչ փրոռուսական, ոչ էլ այլ բան է: Մենք փրոհայկական ենք»,-ընդգծած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment