Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ Խմբակցութիւն․ Քոչարեանի Դէմ Գործը Խորապէս Պիտի Վնասէ Հայաստանի Ներքաղաքական Զարգացումներուն

ՀՀԿ Խմբակցութիւն․ Քոչարեանի Դէմ Գործը Խորապէս Պիտի Վնասէ Հայաստանի Ներքաղաքական Զարգացումներուն

by MassisPost

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, Լեռնային Ղարաբաղի առաջին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին առնչուող գործընթացը որեւէ աղերս չունի ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ դատական իշխանութեան անկախութեան հետ, կը յայտարարէ Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութիւնը:

Ծանօթանալով Քոչարյանին առաջադրուած մեղադրանքին եւ կալանաւորման որոշման՝ Հանրապետական խմբակցութիւնը յայտարարած է, թէ «յարուցուած գործը խորապէս վնասելու է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական զարգացումներին»։

«Նման անհիմն մեղադրանքով երկրում խրախուսուում են հասարակական պառակտման միտումները, որոնք առաւել վտանգաւոր են դառնում Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ձեւաւորուած խիստ մտահոգիչ մարտահրաւէրների ֆոնին», – յայտարարած է ՀՀԿ խմբակցութիւնը:

Խմբակցութիւնը կը պնդէ, որ «յարուցուած քրէական գործը խնդրայարոյց է օրինականութեան, յատկապէս՝ սահմանադրականութեան տեսանկիւնից, ինչը կարող է յանգեցնել ոչ միայն մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների խախտմանը, այլեւ նուազեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան վարկանիշն ու հեղինակութիւնը միջազգային, այդ թուում՝ իրաւական ատեաններում»:

«ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը, ՀՀ դատախազութիւնը եւ ՀՀ դատարանները պարտաւոր են պատշաճ կերպով երաշխաւորել ՀՀ Սահմանադրութեան դրոյթները եւ առաջնորդուել բացառապէս ՀՀ Սահմանադրութեան, ՀՀ օրէնքների եւ միջազգային պայմանագրերի պահանջներով եւ կարգաւորումներով», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Խմբակցութիւնը յայտարարած է, որ այս հարցի եւ անոր շուրջ եղած զարգացումներուն մասին պիտի բարձրաձայնէ նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան խողովակներով՝ միջազգային համապատասխան հարթակներու վրայ եւ՝  ձեւաչափերով։

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) ուրբաթ օր հրապարակած յայտարարութեան մէջ պնդած էր, մասնաւորապէս, որ Ռոպերթ Քոչարեանին առաջադրուած մեղադրանքը «թողնում է բացառապէս քաղաքական հետապնդման տպաւորութիւն, իսկ իրաւական տեսակէտից անհեթեթ է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment