Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաչատուրովի Հարցով Հայաստանի Բոլոր Քայլերը կը Համապատասխանեն ՀԱՊԿ Համաձայնագրի Տառին եւ Ոգին

Խաչատուրովի Հարցով Հայաստանի Բոլոր Քայլերը կը Համապատասխանեն ՀԱՊԿ Համաձայնագրի Տառին եւ Ոգին

by MassisPost

Ե՞րբ եւ ո՞վ պիտի փոխարինէ Եուրի Խաչատուրովը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան  (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին։ Հայաստանի կառավարութիւնն արդէն նախաձեռնած է վերջինիս ետ կանչելու գործընթացը, բայց այլ մանրամասներ չէ ներկայացուցած։ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանի փոխանցմամբ՝ հայկական կողմը շաբաթ օր, կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն առաջարկած է՝ գլխաւոր քարտուղարի փոփոխման գործընթաց սկսիլ. պատճառը՝ Եուրի Խաչատուրովի նկատմամբ Հայաստանի մէջ սկսած քրէական հետապնդումն է։

«Մենք հաւատարիմ եւ յանձնառու ենք այն դրոյթներին, որոնք ամրագրուած են ՀԱՊԿ կանոնադրութեան մէջ եւ մեր նախագահութեան շրջանակներում, ՀԱՊԿ-ում մեր նախագահութեան ժամանակահատուածներում, մեր նախաձեռնութիւններով ամէն ինչ արել ենք, որպէսզի ՀԱՊԿ-ն առաւել ամրապնդուի եւ ուժեղանայ, եւ այս քայլը հարկաւոր է դիտարկել հենց այդ համաթեքստում»,- «Ազատութեան» ըսած է Տիգրան Բալայեանը։

Անցեալ տարուան ապրիլին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար նշանակուած Եուրի Խաչատուրովը, որ 2008 թուականի մարտի 1-ի արիւնալի իրադարձութիւններուն կը զբաղեցնէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը, կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ։ Նախորդ շաբաթավերջին Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնն անոր կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էր։ Դատարանը, սակայն, որոշած է 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակել Խաչատուրովը։

Ըստ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակին՝ դեռ ժամանակավրէպ է խօսիլ նոր թեկնածուի մասին։ Հայկական կողմն առայժմ կը սպասէ իր առաջարկի վերաբերեալ կազմակերպութեան որոշման։

«Ըստ կանոնադրութեան՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը նշանակուում է հաւաքական անվտանգութեան խորհրդի կողմից քոնսենսուսի հիման վրայ, այսինքն՝ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է համապատասխան որոշում կայացնի, ինչ վերաբերում է թեկնածուներին եւ այլն, ապա այս պահին եւս ժամանակավրէպ է դրա մասին խօսելը։ Պէտք է սպասենք փոխարինման մասին որոշմանը»,- «Ազատութեան» յայտնած է Բալայեանը։

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի աշխատավայրը Ռուսաստանի մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ է: Եուրի Խաչատուրովը, սակայն, ըստ իր փաստաբանի՝ այժմ Հայաստան կը գտնուի եւ երկրէն բացակայելու թոյլտուութեան համար վարոյթն իրականացնող մարմնին չէ դիմած։

6 երկիրները միաւորող ռազմաքաղաքական կառոյցի գլխաւոր քարտուղարին մեղադրանք առաջադրելը կազմակերպութեան հեղինակութեան չի հարուածեր, կը կարծէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը: Խաչատուրովին փոխարինելու՝ հայկական կողմի նախաձեռնութիւնը, ըստ անոր, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան բնականոն գործընթացը չխաթարելու նպատակ ունի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment