Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Կարգը Տապալելու Մեղադրանք Առաջադրուած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին

Սահմանադրական Կարգը Տապալելու Մեղադրանք Առաջադրուած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին

by MassisPost

2008 թուականի Մարտի 1-էն 2-ն ինկած ժամանակահատուածին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՀՔԾ) կողմէ քննուող քրէական գործով 26 Յուլիսին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով՝ այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը տապալելը:

ՀՔԾ հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ մեղադրանքը առաջադրուած է նախաքննութեան ընթացքին ձեռք բերուած ապացոյցներու բաւարար համակցութեան հիման վրայ: Քննիչի կողմէն միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան` Եուրի Խաչատուրովի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:

Երէկ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը եկած է Շէնգաւիթի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի շէնք: «Ազատութեան» հարցին, թէ՝ կ’ընդունի՞ արդեօք Յատուկ քննչական ծառայութեան առաջադրած մեղադրանքը, Խաչատուրովը արձագանգած է «չէ»: Լրագրողներու այլ հարցերուն ան չէ պատասխանած:

Քիչ աւելի ուշ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի փաստաբան Միհրան Պօղոսեանը յայտնած է, որ դատական նիստը նշանակուած է ժամը 18-ին: Ան նշած է, որ իր պաշտպանեալը, ըստ էութեան, դեռ չէ կրցած ծանօթանալ առաջադրուած մեղադրանքին:

Եուրի Խաչատուրովը 26 Յուլիսին ներկայացած էր ՀՔԾ՝ «Մարտի 1»-ի գործով հարցաքննութեան: Ան 2008-ի մարտիմէկեան արիւնալի դէպքերու ժամանակ զբաղեցուցած է Երեւանի կայազօրի պետի պաշտօնը, ապա նոյն տարուան ապրիլին նշանակուած է ՀՀ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ: Խաչատուրովը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2017 թուականի 14 Ապրիլէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment