Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Հիւանդանոցը Պետութեան 545 Միլիոն Դրամի Վնաս Հասցուած է

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Հիւանդանոցը Պետութեան 545 Միլիոն Դրամի Վնաս Հասցուած է

by MassisPost

Առողջապահութեան նախարարութեան (ԱՆ) ենթակայ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բուժկեդրոնին մէջ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէն իրականացուող ուսումնասիրութեան միջանկեալ արդիւնքներով` 2016-2018 թուականներու ընթացքին բնակչութեան պետական պատուէրի շրջագիծէն ներս մատուցուած բժշկական օգնութեան մասով պետական պիւտճէին հասցուած ընդհանուր վնասը գնահատուած է շուրջ 545 միլիոն դրամ, կը հաղորդէ գերատեսչութիւնը:

Ուսումնասիրութեան միջանկեալ արդիւնքներն ուղարկուած են դատախազութիւն՝ իրաւական գնահատական տալու եւ անհրաժեշտութեան պարագային քրէական գործ յարուցելու համար։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնած է իր բացայայտումները՝ սոցիալական փաթեթի շահառուներու բժշկական օգնութեան, տարրալուծարան-գործիքային ախտորոշիչ հետազօտութիւններու, ատամնաբժշկական օգնութեան, վերակենդանացման ծառայութեան ոլորտներուն մէջ:

Ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին:

Նշենք, որ Բժշկական կեդրոնի ղեկավարը նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի խնամին է՝ Արա Մինասեանը։

Երէկ աւելի ուշ Ֆէյսպուքեան գրառմամբ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը յայտնած է, որ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բ/կ տնօրէնը ազատուած է աշխատանքէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment