Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱԿ-ը «Պատմական Պահ» կը Համարէ Քոչարեանին Մեղադրանք Առաջադրելը, ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն՝ Մտահոգիչ

ՀԱԿ-ը «Պատմական Պահ» կը Համարէ Քոչարեանին Մեղադրանք Առաջադրելը, ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն՝ Մտահոգիչ

by MassisPost

«Պատմական պահ», – Հայ ազգային քոնկրէսի փոխնախագահ Արամ Մանուկեանն այսպէս որակած է մարտի 1-ի գործով երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրելու իրաւապահներու որոշումն ու անոր կալանաւորելու միջնորդութիւնը:

Վենտեթա, քաղաքական հետապնդում․․․ Երէկ «Երկիր մետիա»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Քոչարեանը երկրի նոր իշխանութիւններուն նման մեղադրանքներ ներկայացուցած է: Արամ Մանուկեանի խօսքով՝ Քոչարեանի յայտարաութիւններուն ոչ ոք կը հաւատայ․ – «Մանկական փոքրիկ հնարքներ են, որոնցով ինքը փորձելու է, մի գուցէ փաստաբաններն են խորհուրդ տուել, գործը ներկայացնել, որպէս քաղաքական: Չի աշխատի, ատելութիւնը, արդարադատութիւնը, փաստերը հզօր են»,- ըսած է ՀԱԿ փոխնախագահը:

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ, 2008-ին Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանը, որ մարտի 1-ին դանակահարուած էր, ըսած է՝ մարտի մէկէն ետք Քոչարեանը 40 օր դեռ նախագահ էր․ այդ ընթացքին դաժանութիւններու մեղաւորները չպատժուեցան, փոխարէնը ընդդիմադիրները ենթարկուեցան քաղաքական հետապնդման:

Աւելի ուշ տարածուած է Հանրապետականի յայտարարութիւնը: Ռոպերթ Քոչարեանի քրէական գործը կը համարեն «քաղաքական շարժառիթներով յարուցուած», իսկ անոր առաջադրուած մեղադրանքը, Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած կուսակցութեան գնահատմամբ, կը թողու բացառապէս քաղաքական հետապնդման տպաւորութիւն: Հանրապետականները մտահոգուած են:

Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրելը մտահոգած է նաեւ Դաշնակցութեան: Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ այդ ժամանակուայ իշխանութիւններու այլ ներկայացուցիչներու՝ սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանք ներկայացնելը «խիստ մտահոգիչ է եւ կարող է մեկնաբանուել որպէս քաղաքական հալածանք», տարածած յայտարարութեան մէջ նկատած է երէկ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ նախարարական աթոռներ զբաղեցնող Դաշնակցութիւնը:

ԲՀԿ ներկայացուցիչ, ԱԺ-ի փոխնախագահ Միքայէլ Մելքումեանի կարծիքով՝ տեղի կ’ունենայ իրաւական գործընթաց, հարցը չարժէր քաղաքականացնել

Սահմանադրական Կարգը Տապալելու Մեղադրանք Առաջադրուած է ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment