Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռոպերթ Քոչարեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է «Մարտի 1»-ի Գործով

Ռոպերթ Քոչարեանին Մեղադրանք Առաջադրուած է «Մարտի 1»-ի Գործով

by MassisPost

«Մարտի 1»-ի գործով Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ քննուող քրէական գործով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ ան այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը, կը տեղեկացնէ Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) պաշտօնական կայքը:

Միջնորդութիւն ներկայացուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարան` Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար:

1 Մարտ 2008 թուականի վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակած են Երեւանի  Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնէին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ:

Նոյն օրն աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին եւ անոր մերձակայ տարածքին վրայ ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներուն հետեւանքով տասը մարդ զոհուած է, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուած են:

2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններէն 10 տարի անցած է, բայց 10 զոհերու մահուան հանգամանքները ցայսօր պարզուած չեն:

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Յատուկ քննչական ծառայութեան ղեկավար նշանակուած Սասուն Խաչատրեանը յայտարարած է, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՀՔԾ) քաղաքական կամք ունի՝ «Մարտի 1»-ի գործը բացայայտելու։

Այս ամսուան սկիզբը Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը «Մարտի 1»-ի գործով ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ եւ անոր նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment