Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձեւաւորուած է Հանքարդիւնաբերական Ընկերութիւններուն Մէջ Ուսումնասիրութիւն Իրականացնող Աշխատանքային Խումբ

Ձեւաւորուած է Հանքարդիւնաբերական Ընկերութիւններուն Մէջ Ուսումնասիրութիւն Իրականացնող Աշխատանքային Խումբ

by MassisPost

Վարչապետի յանձնարարականով հանքարդիւնաբերական ընկերութիւններուն մէջ ուսումնասիրութիւն իրականացնող աշխատանքային խումբն արդէն ձեւաւորուած է, սակայն դեռ որեւէ գործունէութիւն չէ ծաւալած:

Խումբը գլխաւորող Բնապահպանութեան եւ ընդերքի տեսչական մարմնի ղեկավար Արթուր Գրիգորեանն «Ազատութեան» փոխանցած է՝ կազմի ձեւաւորման դժուարութիւններ կային:

Խումբին մէջ ներգրաւուած են տարբեր նախարարութիւններու աշխատակիցներ, գիտնականներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ: Ինչպէս աւելի վաղ յայտարարուած էր՝ խումբն ուսումնասիրութիւնը պիտի սկսի վերջին շրջանին մեծ աղմուկ բարձրացուցած Ամուլսարի հանքէն:

Իւրաքանչիւր հանքի փաստաթուղթերը, օրէնսդրութեան համապատասխանութիւնը աշխատանքային խումբը պարտաւոր է ստուգել առաւելագոյնը 12 աշխատանքային օրուան ընթացքին:

Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին՝ բացառապէս բնապահպանակա՞ն փաստաթուղթեր պիտի ուսումնասիրուին, Գրիգորեանը պատասխանած է․ – «Բացառապէս բնապահպանականը՝ չէ: Պէտք է լինի նաեւ համապատասխանութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեանը եւ այլն: Չի բացառուում նաեւ, որ եթէ կան գործընթացներ, որոնք կարող են ուղղորդել դէպի կոռուպցիոն ռիսքեր, սա եւս մենք ուսումնասիրելու ենք»:

Աշխատանքային խումբի ձեւաւորման գլխաւոր նպատակը մետաղական հանքերուն մէջ տիրող իրավիճակի ուսումնասիրութիւնն է․ պատժիչ գործառոյթներ այն չունի, խումբին մէջ իրաւապահներ ներգրաւուած չեն․ – «Դա պէտք է հիմք հանդիսանայ, որպէսզի կառավարութիւնը յաջորդիւ գործողութիւններ իրականացնի՝ միգուցէ աւելի խորը վերլուծութիւն պատուիրել, իրականացնել եւ այլն, որպէսզի պարզ դառնայ իրողութիւնը: Մի խօսքով՝ մեզ պէտք է հիմա կառավարութեանը ներկայացնել, թէ ինչ է կատարուում հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում եւ դա անել հնարաւորինս արագ»,- ըսած է խումբի ղեկավար Արթուր Գրիգորեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment