Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք Աճած է Ամերիկեան Ներդրողներու Հետաքրքրութիւնը Հայաստանի Նկատմամբ. Դեսպան Ռիչարտ Միլս

Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք Աճած է Ամերիկեան Ներդրողներու Հետաքրքրութիւնը Հայաստանի Նկատմամբ. Դեսպան Ռիչարտ Միլս

by MassisPost

Այս տարուան Ապրիլ-Մայիսի իրադարձութիւններէն ետք մենք ներդրողներու մեծ հետաքրքրութիւն կը նկատենք Հայաստանի նկատմամբ։ Այս մասին 25 Յուլիսին լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ–ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլսը։

Անոր խօսքով՝ ներդրողները կը հետեւին եւ կ’ողջունեն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները. «Անոնք նաեւ կը հետեւին կառավարութեան քայլերուն կաշառակերութեան նախագիծերու եւ յարկերից խուսափելու փաստերու բացայայտման ուղղութեամբ։ Ամերիկեան ներդրողները դրական կը գնահատեն այդ քայլերը։ Սակայն կարեւոր է, որ անոնք իրականացուած են օրէնքի տարրին համապատասխան, եւ վստահութիւն եղած է, որ մասնաւոր ներդրողները չեն տուժեր այդ գործողութիւններու հետեւանքով»,–նշած է Միլսը։

Ընդգծուած է, որ չափազանց կարեւոր է, որ կառավարութեան ջանքերը  ուղղուած ըլլան ներդրումային միջավայրի գրաւչութեան՝ արտասահմանեան ներդրողներու համար։

Դեսպանը նկատած է, որ շատ ոլորտներու մէջ Հայաստանը եւ ԱՄՆ–ը սերտ համագործակցութիւն ունին. «Մենք մտադիր ենք աշխատիլ անոր խորացման ուղղութեամբ»,–յայտարարած է ան։

Մասնաւորապէս, Միլսը շեշտած է առեւտրատնտեսական եւ կրթական ու մշակութային ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման կարեւորութիւնը. «Օրերս Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը հանդիպած է ԱՄՆ պաշտպանական գերատեսչութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ եւ քննարկած են տուեալ ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները»,–աւելցուցած է դեսպանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment