Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ատրպէյճանը Խաթարում է Խաղաղութեան Մթնոլորտը, եւ Մենք Համարժէք Ենք Լինելու Իրավիճակին»․ Փաշինեան

«Ատրպէյճանը Խաթարում է Խաղաղութեան Մթնոլորտը, եւ Մենք Համարժէք Ենք Լինելու Իրավիճակին»․ Փաշինեան

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումը համարժէք պիտի ըլլայ իրավիճակին, երէկ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ընդգծելով, որ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը «շատ ճիշդ է արել»՝ Ատրպէյճանի հասցէին օրերս կոշտ յայտարարութիւն հնչեցնելով:

Հայաստանի ղեկավարն ու կառավարութեան անդամները երէկ պաշտպանութեան նախարարութիւն կը գտնուէին, ուր հայաստանեան ռազմաուսումնական հաստատութիւններն աւարտած սպաներուն աւարտական փաստաթուղթեր եւ սպայական դաշոյններ շնորհուած են:

«Մենք կարծում ենք, որ խաղաղ բանակցային ճանապարհով հարցի կարգաւորումը կարեւոր է, մենք համարում ենք, որ դա հնարաւոր է, բայց մենք ասում ենք նաեւ, որ դրա համար անհրաժեշտ է համապատասխան մթնոլորտ: Ցաւօք սրտի Ատրպէյճանը իր գործողութիւններով եւ իր հռետորաբանութեամբ հնարաւորութիւն չի տալիս, խաթարում է խաղաղութեան մթնոլորտը եւ հնարաւորութիւնը, եւ մենք համարժէք ենք լինելու իրավիճակին», – «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան յայտարարած է վարչապետը: – «Եթէ Ատրպէյճանը կը վերանայի իր մօտեցումը եւ կը նպաստի խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատմանը, մենք այդ իրավիճակին կը լինենք համարժէք: Եթէ այլ ուղղութեամբ կը գնայ, մենք այդ իրավիճակին նոյնպէս կը լինենք համարժէք»:

Լրագրողներէն մէկուն հարցին՝ համարժէք ըսելով նկատի ունի, որ հայաստանեան զինուած ուժերու տրամադրուածութիւնը արդէն յարձակողակա՞ն տրամաբանութեան մէջ պէտք է դիտարկել, Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանած է․ – «Ես ասում եմ, որ մեր գործողութիւնները պէտք է լինեն համարժէք՝ օփերաթիւ  (գործնական) իրավիճակից բխող եւ մեր երկրի ազգային անվտանգութեան շահերից եւ անհրաժեշտութիւններից բխող»:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանն երէկ «Ազատութեան» փոխանցած էր, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն առաջարկած են եւս մէկ հանդիպում ունենալ: Հանդիպման վայրի եւ ժամկէտներու շուրջ վերջնական համաձայնեցում դեռ չկայ: Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի նախորդ հանդիպումը, յիշեցնենք, 11 յուլիսին էր՝ Պրիւքսէլի մէջ:

Վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու յաջորդ օրն իսկ՝ 9 մայիսին Փաշինեանը Ստեփանակերտ էր, ուր անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ յայտարարած էր, որ յետայսու պաշտօնական Երեւանը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններուն պիտի ներկայացնէ միայն Հայաստանի տեսակէտը, եւ պաշտօնական Ստեփանակերտը պէտք է ներկայացուած ըլլայ բանակցային սեղանի շուրջ, հակառակ պարագային բանակցութիւնները կիսատ են:

EADaily-ին օրերս տուած հարցազրոյցի ժամանակ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը հանդէս եկած էր ուշագրաւ յայտարարութեամբ․ «2016թ․ ապրիլեան ակրեսիայի սցենարի կրկնութեան դէպքում հայկական կողմը կարող է եւ զերծ չմնալ իր զինանոցում առկայ բոլոր զինատեսակների կիրառման «գայթակղութիւնից»՝ հակառակորդին տալով մասշտապային եւ որոշիչ հակահարուած»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment