Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի եւ Սփիւռքի Փոխ-Ընդգրկուածութեան Սատարելու Նպատակով ՀԲԸՄ-ը Ազատ Երկխօսութեան Միջոցառում մը կը Կազմակերպէ

Հայաստանի եւ Սփիւռքի Փոխ-Ընդգրկուածութեան Սատարելու Նպատակով ՀԲԸՄ-ը Ազատ Երկխօսութեան Միջոցառում մը կը Կազմակերպէ

by MassisPost

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հրաւէրով, Նիկոլ Փաշինեանի գխաւորած նորանշանակ կառավարութեան երէց պաշտօնատարներու խումբ մը, որոնք պաշտօնական առաջին այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէին, հանդիպեցան Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նիւ Եորքի եւ շրջակայ համայնքի անդամներու եւ բարեկամներու խումբի մը հետ, միտքերու ազատ փոխանակումի համար Մէնհէթընի մէջ կայացած յատուկ նախաձեռնութեան մը ընթացքին:

Ընթրիքին խօսք առնողներուն մաս կը կազմէին կառավարութեան երեք ներկայացուցիչներ, Արարատ Միրզոյեան՝ Առաջին Փոխ-Վարչապետ, Բաբկէն Տէր Գրիգորեան՝ Սփիւռքի Փոխ-Նախարար եւ Յակոբ Արշակեան՝ Փոխադրութեան, Հաղորդակցութեան եւ Տեղեկատուական Ճարտարագիտութիւններու Առաջին Փոխ-Նախարար, որոնք Նիւ Եորք կը գտնուէին մասնակցելու համար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հովանաւորած Բարձր Մակարդակի Քաղաքական Համաժողով-ին, որ տեղի կ’ունենար 16 եւ 17 Յուլիսին, երկրի Կայուն Զարգացման Նպատակերուն (ԿԶՆ) ուղղութեամբ, Հայաստանի արձանագրած յառաջընթացին մասին զեկոյցով հանդէս գալու համար:

Նկատի ունենալով Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ Սփիւռք-Հայրենիք կապերու վերաշխուժացման ուղղութեամբ առաջ տարուող ճիգերը, Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազմակերպած ընթրիք-հանդիպումը գործնական քայլ մը կը հանդիսանար երկիրը տնտեսական եւ ընկերային զարգացման ճամբու մէջ դնելու նպատակով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուող յամարձակ եւ յառաջադէմ ծարագիրներուն ի նպաստ՝ գաղափարներու, յղացքներու եւ ռազմավարութեան ձեւաւորումի աշխատանքին մէջ Սփիւռքը մասնակից դարձնելու ուղղութեամբ: Բոլորը կը բաժնէին այն կարծիքը, թէ սփիւռքի հայութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման եւ Հայաստանի ի նպաստ անոր մասնակցութեան ապահովումին համար գործելատիպի մը մշակումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն էր այլեւս:

Ազատ եւ անկաշկանդ երկխօսութիւն ապահովելու նպատակով, որդեգրուած էր բրիտանական «Չէթըմ Հաուզ Րուլ» մօտեցումը, ստեղծելու համար քննարկումներու եւ տեսակետներու արտայայտման այնպիսի մթնոլորտ, ուր արծարծուած առաջարկները եւ փոխանակուած տեղեկութիւնները ոչ մէկ մասնակից կողմի սեփականութիւնը չեն կազմեր: Հիւրերը առիթը ունեցան խորանալու նիւթերու սերտողութեան մէջ, պաշտօնական ներկայացուցիչներուն հետ կլոր սեղանի շուրջ քննարկումներով:

Մասնակիցի մը արժեւորումով, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ այս տարբերակով հանդիպումը շատ աւելի արդիւնաւոր էր եւ «սքանչելի առիթ հանդիսացաւ իմ տեսակէտներս եւ տեսանկիւնս բաժնելու, նաեւ խորանալու արծարծուած նիւթերուն վերաբերեալ տրուած լուսաբանութիւններուն մէջ:» Այլ մասնակից հիւրի մը վկայութեամբ, «նման քննարկումներ կենսական են Հայաստան-Սփիւռք հետագայ յարաբերութիւններուն համար: Այս առթիւ ծանօթացանք կառավարութեան կողմէ տրամադրուած ծառայութիւններու վերաբերեալ նախապէս չհրապարակուած  բազմաթիւ տեղեկութիւններու:»

Իրիկուան քննարկումներուն կեդրոնական խնդիրը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կապակցութեամբ լուրջ գործակցութեան ոգիով նոր պատկերացումներ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնն էր, անցեալի բարեսիրական մօտեցումներու հարացոյցէն տարբեր եւ զերծ անոր պարտադրած ճնշումներէն եւ նպաստողի եւ նպաստընկալի փոխ-յարաբերութեան սահմանափակումներէն: Ընդհակառակն, յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան երկու կողմերու միջեւ իրարահաւասար գործակցական սկզբունքներու վրայ, որոնք կ’ընդգրկեն ոչ միայն դրամական ներդրումներ, այլ նաեւ գիտելիքներու եւ փորձառութեան փոխանակումներ: ներկայացուած հարցադրումներէն մէկն այն էր, թէ ինչպէս սփիւռքը «կրնայ որպէս իրաւատէր նպաստել երկրի զարգացման, իբր ներդրող, ճարտարագէտ, խորհրդատու եւ ճարտարարուեստի մասնագէտ, միաժամանակ գիտակցելով համաշխարհայնական Հայու իր էութեան, որուն ինքնութիւնը աւելի ծաւալուն կը դառնայ քաղաքացիական ծառայութիւններու մէջ իր ընդգրկուածութեամբ:» Ինչպէս մասնակիցներէն մին ըսաւ, «Սփիւռքը իրաւահաւասար խաղացողի դերով  պէտք է ընկալուի խաղին մէջ:»

Խորհրդակցութիւններուն իբր արդիւնք, գործնական առաջարկներ ձեւաւորուեցան, քաջալերելու համար սփիւռքի մասնակցութիւնը Հայաստանի մէջ գործարարական նախաձեռնութիւններու, մասնաւորաբար շեշտելով բարձր մակարդակի ճարտարագիտական նորարարութեան մարզը: Քննարկումներէն բխող թելադրութիւններու համադրուած եզրակացութիւնները փոխանցուեցան Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի Կեդրոնին, իբր հիմք օգտագործուելու համար հայրենի պետական համապատասխան կառոյցներու հետ համագործակցական ծրագիրներու մշակումին մէջ:

Երկու կողմերուն միջեւ աշխատանքային հանդիպումին ընթացքին, անգամ մը եւս ակնյայտ դարձաւ, որ Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր համաշխարհային հասողութեամբ եւ ազգակերտումի, կրթական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացման ծրագիրներու երկարամեայ փորձառութեամբ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ կենսական դեր կրնար կատարել:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մէջ արդէն գործող ծրագիրներէն կարելի է նշել կանանց գործարարական նախաձեռնութիւնները քաջալերող ծրագիրը, որ կ’օգնէ անոնց, սկսելու եւ կամ ընդարձակելու տարբեր տեսակի առեւտրական փոքր գործարքներ: Նաեւ, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Հիմնադրամին հետ գործակցութեամբ ստեղծուած «Ընկերային Ծառայութեանց Կազմակերպութիւններու Կամուրջ» առցանց միջոցառումը, որ «Համախումբ Հայաստանի Համար» ծրագրին միջոցաւ կապեր կը ստեղծէ սփիւռքի մասնագէտներու եւ Հայաստանի մէջ գործող՝ քաղաքացիական համայնքներու զարգացման օժանդակող կազմակերպութիւններու միջեւ, աւելի արդիւնաւորութեամբ յառաջ տանելու համար այդ աշխատանքները:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը նաեւ գործընկեր է Կայուն Զարգացման Նպատակներու Մշակման Հայաստանի Ազգային Նորարարական Գիտաշխատանոց-ին, ուր քաղաքացիական ներգրաւուածութեան, փորձառական, համագործակցական եւ սերտողական աշխատանքներ կը տարուին, խթանելու համար Հայաստանի զագացման ներուժը եւ արագացնելու համար 2050 Կայուն Զարգացման Նպատակներ-ու իրագործումը: Հայաստանի համար ճարտարարուեստի կենսական մարզերն են՝ զբօսաշրջիկութիւնը, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւնը եւ հողամշակումը:

Հայրենի պատուիրակութեան համար այս հանդիպումը առիթ եղաւ իրենց պատկերացումներուն կապակցութեամբ իրատեսական արժեւորումներ կատարելու, նաեւ յստակացնելու այն հարթակը, ուր կարելի է իրաւահաւասար համագործակցութեամբ իրականացնել ազգակերտումի աշխատանքները, ազատ եւ բաց համայնքային կառոյցներով:

Միջոցառման աւարտին, Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց երեք ժամերու կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին աշխատանքային փոքր սակայն խիտ կազմով իրականացած ձեռքբերումներուն համար: Ան ըսաւ, «Հ.Բ.Ը.Մ.ը հետեւողականօրէն շեշտած է այն համոզումը, թէ որպէսզի Հայաստանը կարենայ դառնալ ազգային յաջող պետականութիւն եւ Սփիւռքը կարենայ ըլլալ ծաղկուն, անհրաժեշտ է որ բոլորս խորհինք եւ գործենք իբր համընդհանուր մէկ ժողովուրդ: Մինչ Հայրենի ժողովուրդը վերանորոգած է իր յոյսերը Թաւշեայ Յեղափոխութեան արդիւնքով, Սփիւռքը նոյնպէս պէտք է ապագայի նոր տեսլականով, բաց մտքով եւ լայնասրտութեամբ ընկալէ իր առջեւ պարզուած աշխատանքի ուղին: Մենք բարձր կը գնահատենք ստեղծուած ծաւալուն համագործակցութեան մթնոլորտը եւ յանձնառու ենք կարեւոր դեր կատարելու հայրենի ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարգաւաճումին ի նպաստ, այնպիսի ծրագիրներով, որոնք կը քաջալերեն սփիւռքի ուղղակի ներգրաւումը եւ աջակցութիւնը:»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment