Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Ջնջած է Արտակարգ Դրութիւնը․ Եւրոմիութիւնը Կ’ողջունէ, Բայց Նաեւ Մտահոգուած է

Թուրքիան Ջնջած է Արտակարգ Դրութիւնը․ Եւրոմիութիւնը Կ’ողջունէ, Բայց Նաեւ Մտահոգուած է

by MassisPost

Ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեղարկած են երկրի մէջ երկու տարի գործող արտակարգ դրութեան ռեժիմը: Այդուհանդերձ, որոշ օրէնքներու մէջ առաջարկուող եւ առկայ սահմանափակումները պակաս խիստ չեն: Այդ իսկ պատճառով, Եւրոմիութիւնը թէ՛ կ’ողջունէ արտակարգ դրութիւնը չեղարկելը, թէ՛ մտահոգութիւն կը յայտնէ:

Եւրոմիութիւնը, իր յայտարարութեան մէջ ողջունելով Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան չեղարկումը, նաեւ Ռեճէպ Էրտողանի կառավարութեան յիշեցուցած է, որ օրէնքի գերակայութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու յստակ եւ տեւական բարելաւումները շատ կարեւոր կը մնան Եւրոմիութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններու հեռանկարներուն համար:

«Մենք կը գտնենք, որ նոր օրինագիծերու առաջարկներու ընդունումը կառավարութեան չափէն մեծ ուժ կ’երաշխաւորէ, եւ արտակարգ դրութեան որոշ տարրերու պահպանումը կրնայ վերացնել արտակարգ դրութիւնը չեղարկելու դրական արդիւնքները», – Անգարային զգուշացուցած է Պրիւքսէլը:

France-Presse-ի փոխանցմամբ՝ Եւրոմիութիւնը Թուրքիոյ յորդորած է յարգել գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատումը, չեղարկած են այն բոլոր միջոցները, որոնք կը շարունակեն խարխլել օրէնքի գերակայութիւնը, դատարաններու անկախութիւնը եւ ժողովրդավարական հիմնարար ազատութիւնները:

Թուրքիոյ մէջ եւս կը կարծեն, որ նոր օրինագիծերը պակաս խիստ չեն: Արտակարգ դրութիւնը չեղարկելու որոշումէն մի քանի օր առաջ «Արդարութիւն եւ զարգացում» իշխող կուսակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, անվտանգութեանն առնչուող  շարք մը օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ, ինչը, ընդդիմութեան պնդմամբ, նոյնքան ճնշող է, որքան արտակարգ դրութիւնը: Անոնք, մասնաւորապէս, կ’ենթադրեն կասկածեալներուն բանտարկելու համար աւելցնել իշխանութիւններու լիազօրութիւնները, տեղական իշխանութիւններուն լիազօրութիւններ կը տրուին՝ կասկածներու պարագային սահմանափակելու քաղաքացիներու մուտքը իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ եւ քաղաքներ կամ ելքը, արգիլելու հանրային միջոցառումները, հանրահաւաքները, յայտարարելու արտակարգ լրացուցիչ միջոցառումներ, իսկ որոշ պարագաներու ուղղակի կ’առաջարկուի պահպանել արտակարգ դրութեան շարք մը պայմաններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment