Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեանի Փեսայ Հօր Ղեկավարած Հիւանդանոցին Մէջ 300 Միլիոնի Դրամի Խախտումներ Յայտնաբերուած են

Սերժ Սարգսեանի Փեսայ Հօր Ղեկավարած Հիւանդանոցին Մէջ 300 Միլիոնի Դրամի Խախտումներ Յայտնաբերուած են

by MassisPost

Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան, պաշտօնաթող նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսայ Միքայէլ Մինասեանի հօր՝ Արա Մինասեանի ղեկավարած  «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնէն ներս արդէն 300 միլիոն դրամի խախտումներ յայտնաբերուած են: Երէկ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը:

Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ խախտումներու մասին տեղեկութիւնները փոխանցուած են դատախազութիւն, պարզելու՝ արդեօ՞ք քրէական գործ յարուցելու հիմք կայ: «Խախտումների հիմնական մասը վերաբերում է չբուժուած հիւանդների համար գանձուած գումարներին․ հիւանդները չեն պառկել հիւանդանոցում, չեն ստացել բուժօգնութիւն, բայց պետութիւնից գումարներ են գանձուել: Այս պահին արդէն մօտ 300 միլիոն դրամի նման դէպքեր ենք յայտնաբերել»,- ըսած է Թորոսեանը:

Ան պարզաբանած է՝ առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող բժշկական կեդրոնին մէջ խախտումներն իրականացուած են պետութեան ֆինանսաւորմամբ 2016 թուականին տրամադրուած ընկերային (սոցիալական) փաթեթներու ծրագրի շրջանակէն ներս: «Մարդիկ պէտք է անցնեն կանխարգելիչ բուժքննութիւն, որի համար պետութիւնը վճարում է 8 հազար դրամ, բայց այդ մարդկանց մօտ 90 տոկոսը ձեւակերպուել է նաեւ մշտական բուժում ստացող, անոնց համար գանձուած է 100-էն 200 հազար դրամ իւրաքանչիւրի համար»,- մանրամասնած է նախարարը:

Շուրջ մէկ ամիս առաջ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն իր ֆէյսպուքեան էջին գրած էր «միլիոններ մսխած առողջապահական օլիկարխիայի» մասին, պնդելով, որ կրնայ անուններ տալ: Թորոսեանն երէկ ընդգծած է՝ բացի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի խնամի Արա Մինասեանի գլխաւորած բժշկական կեդրոնէն, հաւանական է, որ խախտումներ եղած են բժշկական այլ խոշոր հիմնարկներու մէջ եւս, ու այժմ ստուգումներ կ’ընթանան:

«Մի քանի օր առաջ ֆիզիոթերափիայի հիմնարկն ենք սկսել ստուգել, երէկ մի հրաման եմ ստորագրել, որով սահմանել ենք բուժհաստատութիւնների ցանկ, որոնց կը կարողանանք նոյնիսկ գործնական կերպով ստուգել»,- ըսած է Թորոսեանը:

Շուրջ մէկ շաբաթ առաջ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնի աշխատակիցներու անունով յայտարարութիւն տարածուած էր, որու մէջ անոնք աջակցութիւն կը յայտնէին կեդրոնի տնօրէն Արա Մինասեանին: Միեւնոյն ժամանակ, յայտարարութեան հեղինակները առողջապահութեան նախարարութեան գործողութիւնները որակած էին Մինասեանի դէմ սկսած «քաղաքական արշաւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment