Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Դիտարկենք Հայաստանին Յատկացուող Ֆինանսաւորման Ծաւալներու Աւելացման Հնարաւոր Ուղիները. Դեսպան Ռիչարտ Միլս

Կը Դիտարկենք Հայաստանին Յատկացուող Ֆինանսաւորման Ծաւալներու Աւելացման Հնարաւոր Ուղիները. Դեսպան Ռիչարտ Միլս

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլսը կը վստահեցնէ՝ ԱՄՆ կառավարութիւնը կը դիտարկէ,  թէ ինչ միջոցներով ու ճանապարհով կրնար աջակցիլ ՀՀ կառավարութեան: Ան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ  աջակցութիւնը կրնայ ներառել ֆինանսական ծաւալներու աւելացում:

«Կը դիտարկենք հնարաւոր ուղիները, եւ այն կրնայ ներառել ֆինանսաւորման ծաւալներու աւելացում, որ աջակցութեան տեսքով կը յատկացուի Հայաստանին՝ Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ ԱՄՆ այլ պետական կառոյցներու կողմէն»,- ըսաւ ան:

Ըստ դեսպանին՝ այս պահուն ամերիկացի ներդրողներն իրենց ուշադրութեան կեդրոնը կը պահեն ՀՀ նոր իշխանութիւններու գործողութիւնները՝ կապուած գործարար միջավայրի խնդիրներու կարգաւորման հետ: Միլսի խօսքով՝ գործարար միջավայրն ուշադրութեան կեդրոնը կը պահէ նաեւ «Լիտիան Արմէնիա»-ի հետ կապուած գործողութիւններու ընթացքը:

«Անոնք կը հետեւին՝ ինչպիսի ընթացք կու տայ կառավարութիւնը գործարարներու խնդիրներուն, ըլլան անոնք տեղական, թէ ամերիկացի գործարարներ: Կառավարութեան գործողութիւնները անոնց դիտարկման տիրոյթէն ներսն են այժմ», – շեշտած է Ռիչարտ Միլսը:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը վաղ կը համարէ խոշոր ներդրումներու մասին խօսիլը: Անոր գնահատմամբ՝ կաշառակերութիւնը եւ բոլոր տնտեսվարողներու համար հաւասար պայմաններու ապահովումը ներդրումներու ճանապարհին խոչընդոտ էր: Միեւնոյն ժամանակ ան ողջունած է կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ ՀՀ կառավարութեան ներկայիս գործողութիւնները:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment