Միացեալ Նահանգներու Փասատինա քաղաքի ՍԴՀԿ «Փարամազ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Յուլիս 15-ին, տեղի ունեցաւ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 103-ամեակի ոգեկոչումը:
Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահէն ներս, ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Վաչէ Արք. Յովսէփեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Վարիչ Մարմինի անդամներ, ՌԱԿ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետն ու անդամներ, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներ, Պոլսահայ Միութեան ղեկավար անդամներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հանդիսականներ:
Երեկոն սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՍԴՀԿ քայլերգներով: Բացման ոգեւորիչ ելոյթով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավարուհի Տիկ. Թագուհի Արզումանեան: Բացման խօսքով ուղղեց «Փարամազ» մասնաճիւղի ատենապետ Ընկ. Տիրան ճէրէճեան եւ երիտասարդութեան խօսքը Անգլերէն լեզուով արտասանեց իրաւաբան Վահան Խոտանեան:
Օրուայ գլխաւոր բանախօսն էր ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Գանատայէն հրաւիրուած Ընկ. Կիրակոս Թիւթիւնճեան: Ան իր համապարփակ ելոյթին մէջ գնահատականը կատարեց Քսաններու գործունէութեան ու հետապնդած նպատակներուն, որոնք կարճ տարիներ ետք իրականութիւն դարձան Սարդարապատի ճակատամարտով ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութեան գոյառումով: Ընկ. Թիւթիւնճեան ողջունեց Հայաստանի ժողովրդային յեղափոխութեան յաղթանակը, անդրադառնալով ՍԴՀԿ-ի արդ շարժումին բերած մասնակցութեան: Ան Կուսակցութեան անունով զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան ու պատրաստակամութիւն՝ աջակցելով անոր կողմէ իրականացուող բարեփոխումներուն:
Օրհնութեան խօսք ուղղեց Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան:
Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբը, Թագուհի Արզումանեան, ասմունքով, եւ երգիչ-երգչուհիներ՝ Յարութ Յակոբեան, Արաքսիա Ամիրխանեան եւ Արնօ Մկրտչեան ազգային ու հայրենասիրական երգերով:
Հանդիսութիւնը խանդավառ մթնոլորտի մէջ փակուեցաւ «Հնչակեան Ենք Մենք» քայլերգով:
Ձեռնարկին աւելի մանրամասն կանդրադառնանք յաջորդիւ: