Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Քայլերէն Ակնյայտ Կ’երեւի որ Անոնք Ռազմական Գործողութիւններու կը Նախապատրաստուին. Տիգրան Աբրահամեան

Ատրպէյճանի Քայլերէն Ակնյայտ Կ’երեւի որ Անոնք Ռազմական Գործողութիւններու կը Նախապատրաստուին. Տիգրան Աբրահամեան

by MassisPost

Արցախի նախագահի անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան նշած է որ վերջին մէկ շաբթուան համեմատ առաջնագիծին լարուածութիւնը նուազած է, սակայն, Աբրահամեանի խօսքով՝ իրավիճակը արագ կրնայ փոխուիլ:

«Մի քանի ժամուայ ընթացքում կարող է կտրուկ իրավիճակը փոխուել ու սրուել: Այս պահին կարող ենք արձանագրել, որ նախորդ շաբաթների համեմատ լարուածութիւնը բաւական նուազել է»,- ըսած է Տիգրան Աբրահամեանը:

«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ, նախագահի խորհրդականի խօսքով՝ Ատրպէյճանի քայլերէն ակնյայտ կ’երեւի, որ անոնք ռազմական գործողութիւններու կը նախապատրաստուին:

«Կարծում եմ, այն իրավիճակը, որ մենք ունենք, այն կլոպալ գործընթացները, որոնք ընթանում են քաղաքական հարթութիւնում, ռազմական, քարոզչական, ինչու չէ, նաեւ տնտեսական հարթութիւնում, ի ցոյց են դնում Ատրպէյճանի ռազմատենչ նպատակները: Դրանք կը լինեն տասն օր յետոյ, մէկ ամիս, թէ մէկ տարի յետոյ, առայժմ պարզ չէ, բայց այն, որ Ատրպէյճանը պատրաստուում է ռազմական գործողութիւնների՝ ակնյայտ է»,- ըսած է Աբրահամեանը:

Տիգրան Աբրահամեանը դիտարկած է նաեւ քննարկուող վարկածներէն այն, որ Ատրպէյճանը կրնայ ռազմական գործողութիւններ սկսիլ ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան աւարտէն ետք, բայց նշած է, որ պատերազմի վերսկսման այսպիսի վարկածները շատ են:

«Մարդկանց մի խումբ կայ, որ համարում են, թէ ֆութպոլի աշխարհի առաջնութիւնն էր, որ կանգնեցրել էր Ատրպէյճանին, որովհետեւ այն անցկացուում էր Ռուսաստանի Դաշնութիւնում, իսկ Ռուսաստանի ազդեցութիւնն ու առաջնութեան նշանակութիւնը ատրպէյճանական կողմը չէր կարող հաշուի չառնել»,- նշած է նախագահի խորհրդականը:

Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ամենամեծ լարուածութիւնը սկսած է Ապրիլ 12-ին ու տեւած շուրջ մէկուկէս ամիս: Տիգրան Աբրահամեանը կը դժուարանայ նշել, թէ որ փուլին վտանգի նուազում կամ աճ կը նկատուի: Պատերազմական լարուած իրավիճակն Աբրահամեանը կը կապէ բանակցային գործընթացի բացակայութեան հետ:

«Ընդհանուր գործընթացներում պատերազմի հաւանականութիւնը շարունակում է մնալ բարձր, յատկապէս, որ բանակցային գործընթաց այս պահին չունենք, իսկ երբ բանակցային գործողութիւններ չկան, պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը կտրուկ մեծանում է»,- նշած է Աբրահամեանը:

Ինչ կը վերաբերի վերջին շրջանին՝ լարուածութեան աճը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի որդիներու բանակ զօրակոչուելով պայմանաւորելուն, Աբրահամեանը տուեալ հանգամանքն այս իրադարձութիւններուն հետ չի կապեր:

«Այն քաղաքականութիւնը, որ Ատրպէյճանն է վարում, կ’իրառուում է վերջին գոնէ մի քանի տասնամեակում, եւ բացարձակապէս կախուած չէ ՀՀ վարչապետի եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի որդիների ծառայութեամբ, դա ուղղակի բխում է այդ երկրի քաղաքական շահերից»,- ըսած է խորհրդականը:

Աբրահամեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանի աշխոյժութիւնն առաջնագիծին պայմանաւորուած է միջազգային գործընկերներուն որոշ բաներ ցոյց տալու ցանկութեամբ:

«Սթաթուս-քոյի պահպանման հետ կապուած խնդիր կայ, Ատրպէյճանն անընդհատ փորձում է ցոյց տալ, որ սթաթուս-քոն չի կարող պահպանուել, որովհետեւ իրավիճակն անընդհատ լարուած է»,- ըսած է Աբրահամեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment