Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մէկուկէս Ամսուան Մէջ, Միայն Հարկերէն Պետութեան Վերադարձուած Է 42 Միլիոն Տոլար

Մէկուկէս Ամսուան Մէջ, Միայն Հարկերէն Պետութեան Վերադարձուած Է 42 Միլիոն Տոլար

by MassisPost

Վերջին երկու ամիսներուն քննչական գործողութիւններու արդիւնքով նոր Կառավարութիւնը պետութեան հասցուած աւելի քան 20 միլիառ դրամի վնաս վերականգնած է։

Այս թիւը ներկայացուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդգծելով, որ խօսքը բացառապէս հարկային պարտաւորութիւններուն կը վերաբերի․ – «Յուլիսի 1-ի դրութեամբ հաշուարկուել, վերականգնուել է 20 միլիառ 622 միլիոն դրամի վնաս կամ չվճարուած հարկ, որը հիմա պէտք է վճարուի: Այստեղ 42 միլիոն տոլարի մասին է գնում խօսքը երկու ամսուայ ընթացքում: Սա շատ կարեւոր ցուցանիշ է, եւ կարծում եմ, որ մենք այս ուղղութեամբ աշխատանքը պէտք է շարունակենք: Երկու ամիս, որից կէս ամիսը առնուազն ծախսուել է զուտ կազմակերպչական աշխատանքների վրայ, այսինքն սա իրականում մէկ ու կէս ամսուայ ցուցանիշ է»:

Կառավարութեան նիստի ժամանակ վարչապետը յայտարարած է, որ այս թիւը պետութեան հասցուած վնասի չնչին մասն է՝ վստահեցնելով, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս պետական պիւտճէ աւելի մեծ գումար պիտի վերադարձուի ․ – «Այս թիւը չի վերաբերւում ապօրինի հարստացման հետ կապուած գործերին: Այս թիւը չի վերաբերւում իւրացումների եւ այլ կոռուպցիոն երեւոյթների հետ կապուած գործերին, որոնք նոյնպէս իրենց ծաւալներով չափազանց մեծ են: Իհարկէ էս գործընթացը շարունակուելու է, եւ մենք լրջագոյն գումարներ վերականգնելու ենք, պետութեանը հասցուած վնասը վերականգնելու ենք, եւ ինչպէս ասել եմ՝ մինչեւ վերջ ենք վերականգնելու եւ աննահանջ ենք վերականգնելու»:

Վերականգնուած մօտ 42 միլոն տոլարի վնասը, ըստ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Անանեանի, պետութեան հասցուած է ընդամէնը 73 տնտեսվարողի կողմէ։ Առաւել հնչեղութիւն ստացածները խոշոր հանրախանութներն են, այդ շարքին ԱԺ պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեանի ընտանիքին պատկանող «Երեւան սիթին», ուր, ըստ Պետական եկամուտներու կոմիտէին, յայտնաբերուած էին հարիւրաւոր անհատ ձեռներէցներ, որոնք խուսափած էին խոշոր հարկերէ։

Հարկային չարաշահումներու բացայայտումներէն մուտքագրուող գումարները Կառավարութիւնը պիտի տրամադրէ համայնքներուն։

«Շատ կարեւոր է, որ իսկապէս էս գումարները ծախսուեն առաւելագոյնս արդիւնաւէտ, որպէսզի մեր ժողովուրդը արդէն իրենց համայնքներում զգան փոփոխութիւնները: Որովհետեւ մթնոլորտի փոփոխութիւն, այո, մարդիկ տեսնում են, զգում են, կաշառակերութեան դէմ պայքարը տեսնում են, հիմա էս ամէն ինչի արտայայտութիւնը իրենք պէտք է կարողանան տեսնել իրենց համայնքներում», – նշած է վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment