Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կը Ստուգուին Ամուլսարի Մասով Հնարաւոր Կաշառակերութեան Ծրագիրները

Կը Ստուգուին Ամուլսարի Մասով Հնարաւոր Կաշառակերութեան Ծրագիրները

by MassisPost

Բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեանը կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Ամուլսարի հանքի շահագործման խնդրին: Բնապահպանական եւ ընդերքի տեսչական մարմինն, ըստ անոր, Ամուլսարի մասով արդէն ստուգումներ սկսած է:

«Ստուգումները մի քանի բաղադրիչներով են լինելու, եւ բնապահպանական, եւ փաստաթղթային մասով: Նախնական մօտ 10 օր է անհրաժեշտ»,- ըսած է ան:

Այն, որ հանքավայրը շահագործող «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութիւնը կը սպառնայ դատական հայց ներկայացնել Հայաստանի դէմ, եթէ արգիլուի հանքավայրի շահագործումը, բնապահպանութեան նախարարը պատասխանած է, որ ոչ ոք սպառնալով պէտք չէ խօսի:

«Կան իրաւական հարցեր, մասնաւորապէս ՀՀ եւ Մեծ Բրիտանիոյ միջեւ 1996 թուականին ստորագրուած ներդրումների խթանման ու պահպանման հետ կապուած համաձայնագիր կայ, որտեղ կան որոշակի երաշխիքներ: Կարծում եմ՝ դրա մասին է խօսքը գնում: Սակայն մեր բոլոր գործողութիւններն այս պահին օրէնսդրութեան շրջանակներում են, որպէսզի չկատարենք այնպիսի քայլեր, որոնց հետեւանքով կարող են իրաւական, ֆինանսական, վարկանիշային ռիսքեր առաջանալ ՀՀ համար»,- ըսած է ան:

Էրիկ Գրիգորեանը նաեւ նշած է, որ եթէ բացայայտուի որեւէ կաշառակերութեան դէպք, կան իրաւական գործընթացներ: «Եւ միջազգային գործընթացները չեն կարող պաշտպանել մի գործընթաց, որի մէջ արդէն կան իրաւական խնդիրներ»,- ըսած է ան: Տեսչական մարմինը, անոր խօսքով, 10 աշխատանքային օրուան ընթացքին պէտք է աշխատանքներ կատարէ նաեւ այդ փաստերու հաւաքագրման ուղղութեամբ:

Նախարարը նաեւ ըսած է, որ իր կարծիքով՝ հանքարդիւնաբերութեան նման ծաւալներու աշխատանքը Հայաստանի համար հեռանկարային չէ, քանի որ աշխարհի քարտէզի վրայ կենսաբազմազանութեան առումով Հայաստանը կարեւոր վայր է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment