Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» Նախաձեռնութեան Անդամները Ներխուժած են Մայր Աթոռի Դիւանատուն

«Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» Նախաձեռնութեան Անդամները Ներխուժած են Մայր Աթոռի Դիւանատուն

by MassisPost

Մենք անժամկէտ պիտի մնանք այստեղ, մինչեւ Գարեգին Բ-ն հրաժարական տայ, եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տանի անոր, որովհետեւ ան ազգային արժէք վաճառած է: Այս մասին երէկ՝ Յուլիս 6-ին, յայտարարած են Մայր Աթոռի դիւանատուն ներխուժած «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութեան անդամները: Անոնք պահանջած են իրենց ցոյց տալ գանձատան մէջ պահուող սուրբ մասունքները, մասնաւորապէս, եզակի մասունք համարուող Սուրբ Գեղարդը: Ցուցարարնեու համոզմամբ, այն վաճառուած է:

Նախաձեռնութեան անդամներէն Կարէն Պետրոսեանը յայտարարած է, որ հոգեւորականներն իրենց հայհոյած են, քաշքշած ու հարուածած, եւ որ ինքը պիտի դիմէ իրաւապահներուն:

Դիւանապետ Արշակ Սրբազանն ալ ըսած է, որ մասունքները չեն վաճառուած, այլ մէկ մասը նուիրուած է ռուս քաղաքապետին: Անոր խօսքով, եկեղեցիներու միջեւ նման սովորութիւն կայ:

Նշենք, որ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութիւնն արդէն մի քանի շաբաթ է ցոյցեր կը կազմակերպէ եւ կը պահանջէ Գարեգին Բ կաթողիկոսի հրաժարականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment