Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպանութեան Փորձ Կատարելու Մեղադրանք Հայկ Սարգսեանին Դէմ

Սպանութեան Փորձ Կատարելու Մեղադրանք Հայկ Սարգսեանին Դէմ

by MassisPost

Հայաստանի երրորդ նախագահի եղբայր Ալեքսանտր Սարգսեանի որդին՝ Հայկ Սարգսեանը, կը կասկածուի սպանութեան փորձ կատարելու մէջ, երէկ տարածած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ Քննչական կոմիտէն: Հայկ Սարգսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին։

Գործը 11 տարուան վաղեմութիւն ունի։ Ըստ Քննչական կոմիտէի՝ 1 Ապրիլ 2007 -ին ոստիկանութեան Կեդրոնական բաժինը հաղորդում ստացած է, որ նոյն օրը Երեւան քաղաքի Թումանեան-Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկէն հրազէնային վնասուածքով թիւ 3 հիւանդանոց տեղափոխուած է Երեւան քաղաքի բնակիչ, 1984-ի ծնունդ Դաւիթ Սիմոնեանը:

Ապա ոստիկանութիւն եկած էր Ա. Ղեւոնդեանը, ներկայացուցած է ատրճանակ եւ յայտնած է, որ այն գտած է իրենց շէնքին կից մանկապարտէզի մօտէն եւ անոր հետ անզգոյշ վարուելու հետեւանքով կրակած է ընկերոջ՝ Դաւիթ Սիմոնեանի վրայ:

Փաստի առթիւ յարուցուած էր քրէական գործ, իսկ նոյն տարուան 28 Մայիսին այն կարճուած էր՝ կողմերու հաշտութեան եւ բողոքի բացակայութեան հիմքով:

Սակայն այս տարուայ Յուլիս 3-ին՝ նոր ի յայտ եկած հանգամանքներով պայմանաւորուած գլխաւոր դատախազը յանձնարարած է վերսկսիլ գործի նախաքննութիւնը։ Պարզուած է, որ տուժողը սպանելու նպատակով անոր ուղղութեամբ դիտաւորեալ կրակոց արձակած է Երեւանի բնակիչ, 1984-ի ծնունդ Հայկ Սարգսեանը՝ նոյն ինքը նախկին նախագահի եղբօրորդին:

4 Յուլիսին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շուրջ ինը ժամ խուզարկած է Սարգսեաններու բնակարանը, ինչէն ետք՝ ուշ երեկոյեան, Հայկ Սարգսեանը տարուած է քննչական բաժին, իսկ անոր հայրը՝ Սաշիկ անունով յայտնի Ալեքսանտր Սարգսեանը, բերման ենթարկուած է:

«Հրապարակ» թերթը այս կապակցութեամբ  գրած է. «Երէկ առաւօտեան Սերժ Սարգսեանի եղբայրը՝ Սաշիկ Սարգսեանը, փորձել է ընտանեօք հանդերձ հեռանալ Հայաստանից։ Սակայն «Զուարթնոց» օդանաւակայանի անվտանգութեան ծառայութիւնը կապուել է ԱԱԾ ղեկավարութեան հետ եւ հրահանգ ստացել՝ կանխել մեկնումը։

Նրանց իջեցրել են Փարիզ մեկնող ինքնաթիռից, եւ դրանից անմիջապէս յետոյ Ալեքսանտր Սարգսեանին պատկանող Թումանեան փողոցի բնակարանում խուզարկութիւն է սկսուել։ Մօտ 9 ժամ տեւած խուզարկութեան արդիւնքում յայտնաբերուել են զէնք, գումար եւ առգրաւուել է մի գեղանկար։ Իրեն՝ Սաշիկ Սարգսեանին, եւ որդուն՝ Հայկ Սարգսեանին, բերման են ենթարկել»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment