Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Դատարանի Պաշտօնաթող Դատաւորը Աղմկայարոյց Յայտարարութիւններ Ըրած է

Սահմանադրական Դատարանի Պաշտօնաթող Դատաւորը Աղմկայարոյց Յայտարարութիւններ Ըրած է

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանի պաշտօնաթող դատաւոր Կիմ Բալայեանն երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ շարք մը աղմկայարոյց յայտարարութիւններ ըրած է քաղաքական ճնշումներու, «ցուցակային» գործերու, Բաղրամեան 26-ի հրահանգով կայացուցած դատավճիռներու մասին։

Բալայեանը, որ Սահմանադրական դատարանի դատաւոր եղած է 2003 թուականէն մինչեւ այս տարուան 31 Յունուարը, պնդած է, թէեւ շատ դատաւորներ կը յայտարարեն, որ որեւէ ճնշում չէ եղած, այնուամենայնիւ այդ երեւոյթը դատական համակարգէն ներս  երկար տարիներ առկայ եղած է:

Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ ճիշդ է, որ որոշումներ ընդունուած են Բաղրամեան 26-ի հրահանգով, Բալաեանն արձագանգած է․ – «Մազաչափ չկասկածէք»:

Շուրջ 15 տարի Սահմանադրական դատարանի անդամ եղած Բալայեանը վստահեցուցած է, որ դատական համակարգի հետ շփումներու ընթացքին տեղեկացուած է նաեւ, որ բացի հեռախօսային հրահանգներէն, եղած են յատուկ ցուցակներ, որոնց մէջ նշուած եղած են թէ յստակ գործերու վերաբերեալ ինչպիսի որոշումներ պէտք է կայացուին․ – «Դուք եթէ փաստաբանների, դատաւորների, դատախազների հետ անկեղծ զրոյց ունենաք, նրանք կ’ասեն: Եղել են նաեւ ցուցակային գործեր՝ ցուցակ, թէ որ գործով ինչ որոշում պէտք է կայացուի: Այդպիսի դէպք մենք ունեցել ենք»:

Սահմանադրական արդարադատութիւն իրականացուցած Բալայեանը նաեւ պնդած է, թէ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ճնշում գործադրած է նաեւ անձամբ իր նկատմամբ․ – «Միջնորդաւորուած, Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի անունից իմ վրայ էլ են փորձել ճնշում գործադրել։ Կարող եմ յստակ ասել․ ստեղծել էին անկախ յանձնաժողով, որը պէտք է քննարկի, թէ այս մարդը վաղակէտ ազատման իրաւունք ունի՞, թէ՞ ոչ: Ես դրան կտրականապէս դէմ էի: Ինձ թուում է, այդ խօսակցութիւնները պարզապէս հասել էին Հանրապետութեան նախագահին, իմ մօտ եկաւ նախագահի օգնականը իրաւական հարցերի գծով եւ ասեց, որ սա պարոն Քոչարեանի միակ խնդրանքն է Ձեզ»:

Ըստ Բալայեանի, սա իր գործունէութեան ընթացքին Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէն ճնշման միակ փորձը եղած է:

«Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօք 2008-ի յետընտրական իրադարձութիւններու ժամանակ, մինչեւ բողոքի ցոյցերը ճնշելը Սահմանադրական դատարանի վրայ եղած են ճնշումներ, պաշտօնաթող դատաւորն արձագանգած է․ – «2008 թուականի ընտրութիւններու ժամանակ եւ դրանից յետոյ բոլոր ընտրութիւնների․․․ հասարակութեան մէջ տարածուած է, որ Սահմանադրական դատարանը ամէն անգամ դակել է իշխանութիւնների տեսակէտը: Բայց իրականութեան մէջ ընտրական գործընթացի մասնակից ուժերը երբեւիցէ իրաւական ճանապարհով փաստեր չեն հաւաքած եւ դատարան չեն ներկայացուցած»:

Այդուհանդերձ, քաղաքական ճնշումներու ու արդարադատութեան պակասի մասին յայտարարող Կիմ Բալայեանը, ըստ Ուիքիլիքսեան բացայայտուած փաստաթուղթերուն, 2008 թուականին համագործակցած է իշխանութեան հետ՝ որդիին Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօնի նշանակելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment