Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոխորհրդարանը Ձայներու Գերակշիռ Մեծամասնութեամբ Հաւանութիւն Տուաւ Հայաստան-ԵՄ Համաձայնագրին

Եւրոխորհրդարանը Ձայներու Գերակշիռ Մեծամասնութեամբ Հաւանութիւն Տուաւ Հայաստան-ԵՄ Համաձայնագրին

by MassisPost

Եվրոխորհրդարանն երէկ ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագրին ու յարաբերութիւններու մասին բանաձեւին, որ կոչ կ’ընէ Պրիւքսէլին՝ աջակցիլ Հայաստանի մէջ սկսած ժողովրդավարական բարեփոխումներուն, ընդարձակել համագործակցութիւնը Փաշինեանի կառավարութեան հետ եւ օգնել, որ նոր իշխանութիւնը իրականութիւն դարձնէ հայաստանցիներու ակնկալիքներն ու պահանջները:

Աւելի վաղ, փաստաթուղթերու քննարկման ժամանակ ԵՄ արտաքին գործոց նախարար ֆետերիքա Մոկերինին ընդգծած էր՝ համագործակցութեան նոր համաձայնագիրը պատմական փաստաթուղթ է եւ կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի զարգացման համար: «Սա համագործակցութիւն է ոչ թէ ինչ-որ մէկի դէմ, այլ յանուն, եւ առաջին հերթին յանուն մեր՝ Հայաստանի ու Եւրոմիութեան քաղաքացիներուն, անոնց համար տնտեսական զարգացման, աշխատատեղերու ստեղծման, առաւել լաւ ու ամուր ժողովրդավարութեան: Սա համագործակցութիւն է, որ թոյլ կու տայ հասնիլ վերջին ամիսներուն հայ ժողովուրդի կողմէն բարձրաձայնուած պահանջներուն»,- ըսած է Ֆետերիքա Մոկերինին:

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ անցած ամիս առաջին հանդիպումը ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ, հանդիպումն անցած է շատ ջերմ: «Մթնոլորտը չէր կրնար աւելի դրական , բարեկամական ու կառուցողական ըլլալ»,- պատմած է Մոկերինին, աւելցնելով․ «Հայաստանի նոր արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց իրենց բարեփոխումներու շատ յաւակնոտ օրակարգն ու արդէն իսկ կատարուած քայլերը կաշառակերութեան դէմ, եւ մենք պատրաստ ենք հնարաւորինս ընդարձակ աջակցութիւն տրամադրել անոնց»:

«Եւրոմիութիւնն առաջիկայ 4 տարիներուն 160 միլիոն եւրօ պիտի ներդնէ Հայաստանի մէջ՝ աջակցելու շարք մը ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման՝ սկսած գործարար միջավայրի բարելաւումէն մինչեւ ուժանիւթի ոլորտի արդիւնաւէտութեան բարձրացում: Եւ մենք պատրաստ ենք օգտագործել նաեւ մեր նոր ներդրումային ծրագիրը՝ խթանելու մասնաւոր ներդրումները Հայաստանի տնտեսութեան համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ճիւղերուն մէջ»,- ըսած է Ֆետերիքա Մոկերինին:

Անոր պնդմամբ, շատ կարեւոր է աջակցիլ յատկապէս Հայաստանի մէջ սպասուող արտահերթ ընտրութիւններուն: «Անոնք պէտք է հաշուի առնեն ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) յանձնարարականներն ու վայելեն ժողովուրդի վստահութիւնը»,- յայտարարած է Եւրոմիութեան արտաքին գործոց նախարարը՝ եւրոպացի պատգամաւորներուն կոչ ընելով աջակցիլ Հայաստանին փորձագիտական խորհուրդներով ու դիտորդական առաքելութեամբ:

Մոկերինիէն բացի ելոյթ ունեցած են նաեւ շուրջ երկու տասնեակ եւրոպացի պատգամաւորներ: Բոլորն ալ անխտիր ողջունած են Հայաստանի նոր կառավարութիւնն ու ժողովուրդը՝ անցնցում իշխանափոխութեան համար: «Ամիսներ առաջ ես ալ չէի հաւատար Փաշինեանի յաջողութեան»,- խոստովանած է Հայաստանի հարցով համազեկուցող Լասլօ Տոկէշը, աւելցնելով․ «Այսօր, սակայն, անկախութեան հռչակումէն շուրջ երեք տասնամեակ անց, Հայաստանի պատմութեան մէջ նոր էջ  սկսած է, եւ մենք պէտք է անոնց կողքին ըլլանք ու աջակցինք՝ նոր համաձայնագրի հիման վրայ»:

Կ’ակնկալուի, որ յաջորդ շաբաթ՝ 10-11 Յուլիսին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն իր առաջին այցը կատարէ Պրիւքսէլ, ուր նախատեսուած են հանդիպումներ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ու ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment