Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանի Մեծ Մասը Հոսանքազրկուած Է

Ատրպէյճանի Մեծ Մասը Հոսանքազրկուած Է

by MassisPost

Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի մէջ իրադրութիւնը վերահսկողութեան տակ է

«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը վերահսկեն իրավիճակը երկրի մէջ եւ ի վիճակի են ապահովել երկրի ու քաղաքացիներու անվտանգութիւնը, կեանքի բնականոն ռիթմը»: Երէկ առաւօտեան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը` մեկնաբանելով երկրի մէջ վերջին 48 ժամերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:

Խօսքը, մասնաւորաբար, Ատրպէյճանի տարածքի զգալի մասին մէջ մէկը միւսին յաջորդած երկու հոսանքազրկումներու, իսկ երէկ երեկոյեան երկրի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքի` Կիանճայի քաղաքապետի դէմ իրականացուած անյաջող մահափորձի մասին է:

«Շարք մը ընդդիմադիր շրջանակներ լրատուական կայքերու եւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ նպատակաուղղուած կերպով օգտուեցան այն հանգամանքէն, որ «Ատրպէյճանական ջերմաելեկտրակայանին»  մէջ վթար տեղի ունեցած է, իսկ Կիանճայի մէջ` յարձակում բարձրաստիճան պաշտօնեայի վրայ, փորձելով բնակչութեան շրջանին զանգուածային դժգոհութիւն եւ երկրի կայունութիւնը խաթարող տրամադրութիւններ առաջացնել»,- նշուած է Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանի բնակչութիւնը, սակայն, գոնէ վերջին երկու օրերուն դժգոհութեան լուրջ պատճառներ ունի: Երեքշաբթի երեկոյեան երկրորդ անգամ 24 ժամուան ընթացքին հոսանքազրկուեցաւ երկրի մեծ մասը, այդ շարքին նաեւ՝ մայրաքաղաք Պաքուն: «Եթէ նախորդ գիշեր պատճառը Մինկեչաուրի ընկերութեան մէջ տեղի ունեցած վթարն էր, ապա այս անգամ, ըստ պաշտօնական վարկածի, շարքէն դուրս եկած է ելեկտրակայանի 7-րդ պլոքը»-, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Սիրողական տեսագրութեան միջոցաւ յստակ կ’երեւայ, թէ ինչպէս չաշխատող երթեւեկութեան ազդանշաններու պատճառով խցանուած է քաղաքի կեդրոնական փողոցները: Հոսանքազրկման պատճառով կանգ առած է նաեւ Պաքուի մեթրոն:

Պաքուի ջրամատակարարումը, որ եւս դադրեցուած էր հոսանքազրկումներու պատճառով, այսօր արդէն ամբողջ ծաւալով պիտի վերականգնուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment