Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արա Վարդանեանը Հիմնադրամի Դրամատնային Քարտէն Օգտուած է Քանի մը Անգամ

Արա Վարդանեանը Հիմնադրամի Դրամատնային Քարտէն Օգտուած է Քանի մը Անգամ

by MassisPost

Երէկ կառավարութեան նիստէն առաջ  լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցին, թէ պարզ չէ՝  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանը իւրացուցա՞ծ է այդ գումարները, վատնա՞ծ  է, թէ վերադարձուցած է  հիմնադրամին, ըսած է. «Իր յայտարարութեամբ այդ գումարները վերադարձրել է, բայց հիմա քննութիւն կ’իրականացնենք եւ պարզ կը լինի: Այս պահին չեմ կարող յստակ պատասխանել»:

Արթուր Վանեցեանը նշած է, որ այս պահուն միայն յստակ կրնայ ըսել, որ Արա Վարդանեանը հիմնադրամի դրամատնային քարտէն մօտ 130 միլիոն դրամ հանած է եւ խաղացած քազինոներուն մէջ:

ԱԱԾ տնօրէնը նաեւ ըսած է, որ Վարդանեանը հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկային գիծով դրամատնային քարտէն օգտուած է մի քանի անգամ:

Դիտարկման, թէ փաստօրէն վերջնական չէ այն տեղեկութիւնը, որ տնօրէնն ամբողջութեամբ վերադարձուցած է գումարները, Արա Վանեցեանը անգամ մը եւս նշած է, որ այդ միայն իր յայտարարութիւնն է:

ԱԱԾ տնօրէնը նաեւ նշած է՝ միայն այն փաստը, որ օգտագործած է հիմնադրամի դրամատնային քարտը, արդէն քրէօրէն պատժելի արարք է:

Վանեցեանն անդրադարձած է նաեւ Պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանին: Հարցին, թէ՝ եթէ անոր մեղադրանք պէտք է առաջադրուէր, ինչո՞ւ  ԱԱԾ-ն թոյլ տուած է, որ Յարութիւնեանը լքէ Հայաստանը, ԱԱԾ տնօրէնը պատասխանած է. «Նա  դուրս է եկել այն ժամանակ, երբ նրա նկատմամբ որեւէ քրէական հետապնդում սկսուած չէր: ԱԱԾ-ն լիարժէք տիրապետում է ողջ իրավիճակին»:

Լրագրողները հարց ուղղած եւ հետաքրքրուած են, թէ հնարաւոր է ԱԱԾ-ն անդրադառնայ նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ունեցուածքին: «Քննութեան ընթացքում ընդհանուր Երեւան հիմնադրամի հետ կապուած այդ երեւոյթներն էլ են ուսումնասիրվում: Եթէ կը լինեն խախտումներ, գնահատականը կը տրուի»,- ըսած է Վանեցեանը: Ըստ անոր, Տարօն Մարգարեանը դեռ չէ հրաւիրուած հարցաքննութեան: Ան ըսած է, որ Տարօն Մարգարեանը միանշանակ Հայաստան է, իսկ թէ ուր կը գտնուի, չի գիտեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment