Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ «#Մեր Գիւմրին» Դրամահաւաքին Հանգանակուած է 562.000 ԱՄՆ Տոլար

«#Մեր Գիւմրին» Դրամահաւաքին Հանգանակուած է 562.000 ԱՄՆ Տոլար

by MassisPost

Մօտաւորապէս 7 ժամ եւ 562,000 ԱՄՆ տոլար. Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 4-րդ ամէնամեայ դրամահաւաքը Գիւմրիի համար։ Ասիկա կը նշանակէ, որ եւս քանի մը գիւմրեցի ընտանիք ընդմիշտ պիտի լքէ թիթեղեայ տնակը ու տեղափոխուի նոր ու յարմարաւէտ տուն։ Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գրասենեակէն:

Մէկ բնակարանի արժէքը մօտ 25,000 տոլար է։ Հեռուստամարաթոնին մասնակցած են ինչպէս հիմնադրամի բարերարները, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր վայրեր բնակող քաղաքացիներ։

Համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ երեք տարիներու ընթացքին 38 ընտանիք արդէն հրաժեշտ տուած է տնակային կեանքին։ Իրենց հերթին կը սպասեն աւելի քան 2,000 ընտանիք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment