Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանի Մէջ «Լայնամաշտապ Զօրավարժութիւններ» Մեկնարկած են

Ատրպէյճանի Մէջ «Լայնամաշտապ Զօրավարժութիւններ» Մեկնարկած են

by MassisPost

Ատրպէյճանի մէջ երէկ մեկնարկած են «լայնամաշտապ զօրավարժութիւններ՝ բանակի տարբեր զօրատեսակներու, զօրամիաւորումներու, յատուկ զօրքերու ներգրաւմամբ»: Այս մասին կը հաղորդէ APA լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան, զօրավարժութիւններուն, որոնք կ’իրականացուին երկրի նախագահի հաստատած փլանով եւ պիտի շարունակուին մինչեւ 5 յուլիս, կը մասնակցի 20 հազար զինծառայող, ներգրաւուած է 120 թանկ եւ այլ զրահաթեխնիկա, տարբեր տրամաչափերու աւելի քան 200 հրթիռահրետանային կայանք, համազարկային կրակի համակարգ եւ ականանետ, 30 միաւոր ռազմական օդանաւ:

Զօրավարժութիւններու սենարով նախատեսուած է, մասնաւորապէս, «գրաւուած տարածքներու ազատագրման նպատակով լայնամաշտապ յարձակողական գործողութեան իրականացում»,ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment